Միշա Ալոյեան Կը Համարուի Աշխարհի Լաւագոյն Ախոյեանը

Ռուսաստանի Դաշնութեան ներկայացուցիչ 52 քկ քաշային հայազգի մարզիկ Միշա Ալոյեան կը համարուի այսօր Ղազախստանի Ալմաթի քաղաքին մէջ մեկնարկող բռնցքամարտի աշխարհի առաջնութեան լաւագոյնը իր քաշային կարգին մէջ: Ինչպէս կը տեղեկացնԷ «Արմէնփրէս»-ը, Լոնտոնի 2012 թ. ողիմպիական խաղերու պրոնզէ մետալակիր, 2011թ. աշխարհի ախոյեան Ալոյեան, փորձառու
մարզիկներէն միակն է որ մնացած է ՌԴ հաւաքականի կազմին մէջ:
Բռնցքամարտը լուսաբանող գրեթէ բոլոր հիմնական հանդէսները կը կանխագուշակեն Ալոյեանին մետալ` նշելով, որ հարցը միայն մետալի որակն Է, եւ որ մարզիկը ախոյեանի կոչման իրական յաւակնորդ Է:
Նովոսիպիրսկի մէջ բնակող Ալոյեան որեւէ ցայտուն մեկնաբանութիւն չէ ըրած` սահմանափակուելով միայն երկու տարի առաջ աշխարհի ախոյեանը նուաճած կոչումը պաշտպանելու իր ցանկութիւնը արտայայտելով:
Բռնցքամարտի աշխարհի առաջնութեան կը մասնակցին հայաստանցի 6 մարզիկներ:
Հոկտեմբեր 12-ին Ալմաթիոյ մէջ իր աշխատանքը կը սկսի սիրողական բռնցքամարտի միջազգային ընկերակցութեան` ԱԻԲԱ-ի համաժողովը, որուն կը մասնակցին նաեւ ՀՀ բռնցքամարտի ընկերակցութեան նախագահ Արման Մուրատեանը եւ առաջին փոխնախագահ
Դերենիկ Գաբրիէլեանը;