Ժենի Ակթերեանի Ծննդեան 100-Ամեակին Նուիրուած Երեկոյ Պուխարեստի ՄԷջ

Յունիս 28-ին Ռումանիոյ գրողներու միութեան գրական թարգմանութիւններու Պուխարեստի մասնաճիւղը Ռումանիոյ Հայոց միութեան հետ համատեղ Պուխարեստի Մեթրոփոլիթէն գրադարանին մէջ կազմակերպած է երեկոյ նուիրուած մինչպատերազմեան եւ յետպատերազմեան Ռումանիոյ արուեստի աշխարհի ամենայայտնի դէմքերէն մէկուն` ժենի Ակթերեանի (1916-1958) ծննդեան 100-ամեակին, կը գրէ «Արմէնփրէս»-ը:

Դերասանուհի, բեմադրիչ եւ թարգմանիչ Ժենի Ակթերեան /Jenny Acterian այսօր առաւել շատ յայտնի է իր «Դժուարահաճ էակի օրագիրը» գիրքով: Այն իր անողոք անկեղծութեամբ եւ գերզգայունութեամբ այդ ժանրի լաւագոյն գործերէն է Ռումանիոյ մէջ: Առաջին անգամ օրագիրը լոյս տեսած է 1991թ. Humanitas հրատարակչութեան կողմէ, աւագ եղբօր` Արշաւիր Ակթերեանի խմբագրութեամբ ու Տոյնա Ուրիքարիուի/Doina Uricariu թարգմանութեամբ (Ժենին օրագիրը գրած է ֆրանսերէն եւ մասամբ անգլերէն): Ատոր յաջորդած է Պուխարեստի «Արարատ» հրատարակչութեան մէկ այլ հրատարակութիւն, իսկ աւելի ամբողջական հրատարակութիւնը 2015թ. լոյս  ընծայած է նոյն Humanitas հրատարակչութիւնը, որուն մասին ալ քննարկում  ծաւալուած էր երեկոյին:

Բանախօսներն էին Ռումանիոյ Հայոց միութեան նախագահ, Ռումանիոյ գրողներու միութեան փոխնախագահ, ծերակուտական Վարուժան Ոսկանեան, Ս. Սքուլթեթին/S. Skultռty, որուն ջանքերով թարգմանուած է գիրքի 2015թ. հրատարակութիւնը, պատմաբան ու գրաքննադատ Փաուլ Չեռնաթը/Paul Cernat ու Ռումանիոյ գրողներու միութեան գրական թարգմանութիւններու Պուխարեստի մասնաճիւղի նախագահ Փեթեր Սրագերը/Peter Sragher:

Ժենի Ակթերեան ծնած է Կոնստանցայի, Պուխարեստի մէջ ֆրանսական դպրոցը աւարտելէ յետոյ ընդունուած է համալսարանի փիլիսոփայութեան եւ մաթեմատիկայի բաժանմունք: Պատերազմի եւ ծանր նիւթական կացութեան պատճառով չէ կրցած ուսումը շարունակել Փարիզի մէջ, յետագային թատերական կրթութիւն ստացած է Պուխարեստի Տրամաթիկական արուեստի դպրոցին մէջ: Պուխարեստի տարբեր թատրոններուն մէջ խաղցած եւ բեմադրած է  շարք մը ներկայացումներ, ֆրանսերէնէն եւ անգլերէնէն ըրած թարգմանութիւններ: Եղած է խելացի, ուժեղ եւ անհաշտ բնաւորութեամբ անհատականութիւն, մօտ  եղած է ժամանակի ռուման արուեստի եւ գրական աշխարհի յայտնի դէմքերուն (Միրչա Էլիատ/Mircea Eliade, Էոժէն Իոնեսքու/Eugen Ionescu, Էմիլ Չիորան/Emil Cioran): Մահացած է ծաղկուն հասակին, անբուժելի հիւանդութենէ:

Ռումանական գրական-թատերական միջավայրին մէջ յայտնի էին նաեւ անոր աւագ եղբայրներ գրող Արշաւիր Ակթերեան (1907-1997), որ պատերազմէն յետոյ երկար տարիներ աքսորուած է Սիպիր, եւ բեմադրիչ Հայկ Ակթերեան (1904-1942), որ զոհուած է 1942թ. ռազմաճակատին մէջ:

 

Scroll Up