Յուլիս 1-ին Տեղի Կ’ունենայ «Արի Տուն» Ծրագիրի Երկրորդ Փուլի Փակումը

Յուլիս 1-ին` ժամը 18.00-ին, Ծաղկաձորի «Արի տուն» ճամբարին մէջ տեղի կ’ունենայ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Արի տուն» ծրագիրի երկրորդ փուլի փակման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որուն պիտի մասնակցին ՀՀ սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան, նախարարութեան աշխատաակիցներ, հիւրեր:
Արիտունցիները հանդէս կու գան համերգային ծրագիրով, որ պատրաստած են ճամբարային օրերուն ընթացքին:
Նշենք, որ ծրագիրի երկրորդ փուլին մասնակցելու համար Հայաստան ժամանած էր 95 պատանի ու աղջիկ` Ռուսաստանէն, Վրաստանէն, Թուրքիայէն, Հունգարիայէն, Մոլտովայէն, ԱՄՆ-էն: