ՀՀ ՍՓՅՈՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹՅՈՒՆԸ 5 ՏԱՐԵԿԱՆ Է
Հազուագիւտ է, որ երկիր մը ունենայ Սփիւռքի նախարարութիւն: Նաեւ հազուագիւտ են այն երկիրները, որոնք մեր նման Սփիւռք ունին: Իսկ մենք՝ Հայերս, այն իսկապէս հազուագիւտ եւ բախտաւոր ազգերէն ենք, որուն հայրենիքը ունի իր Սփիւոքի նախարարութիւնը:
Հայրենիքը միշտ մաս կազմած է Հայկական աշխարհացրիւ Սփիւռքին՝ ըլլալով անոր հոգին, սիրտը եւ երազը: Շնորհիւ Հայաստանի պետականութեան խելացի եւ ճիշդ որոշման՝ հաստատելու Սփիւռքի նախարարութիւնը, Հայկական Սփիւռքը այսօր պաշտօնապէս մաս կը կազմէ իր Հայրենիքին, իր հոգուով, սրտով եւ իրականացած երազով:
Որպէս համեստ անդամ եւ ծառայող մը 107-ամեայ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան, հաւատարիմ եւ հաւատացող իր նշանաբանին, որ կ՚ըսէ, “Միութիւնը Զօրութիւն է”, սրտանց կը շնորհաւորեմ մեր բոլորին սիրելի Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարարութիւնը՝ իր բարեբաստիկ տարեդարձին առիթով, մեծապէս գնահատելով եւ դրուատելով իր կարող ղեկավարին՝ Նախարարուհի Հրանուշ Յակոբեանին, եւ իր անձնակազմին, որոնք ջանք չեն խնայեր իրենց յանդուգն եւ յաջող ծրագիրներով յառաջ տանելու Սփիւռքի հայապահպանման գործը՝ քաջ գիտնալով որ Հայ ազգին զօրութիւնը իր միութեան մէջ է:
Հայկ Մսրլեան,
Սանդա Գլարիդա, Քալիֆորնիա