«100 Տարի, 100 Փաստ» Նախաձեռնութիւնը Կը Հրատարակէ «Վաղեմի Ազգի Մը Ազդեցութիւնը» Հատորը

Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակէն տարի մը առաջ գործելու սկսած եւ համացանցային իր կայքին միջոցաւ հայոց պատմութիւնն ու մշակոյթը ծանօթացնելու նպատակով հաստատուած «100 Տարի, 100 Փաստ» նախաձեռնութիւնը հրապարակած է այդ աշխատանքին արգասիքը հանդիսացող հատոր մը՝ «Վաղեմի Ազգի Մը Ազդեցութիւնը» («Impact of Ancient Nation»), որուն մէջ լուսարձակի տալ կ՛առնուին հայոց պատմութեան եւ մշակոյթի տարբեր երեսները։
Հայութեան անցեալը, ներկան եւ ապագան իրարու կամրջող եւ աւելի քան 100 նիւթերու մասին պատմող հատորին հեղինակներն են՝ Լենա Մարանեան եւ Նարեկ Սեֆերեան։
Հատորը կարելի եղած է հրատարակել Լոս Անճելըսի «Տիգրանեան» եւ Լիզպոնի «Կիւլպէնկեան» հիմնարկներու նիւթական աջակցութեամբ։
Հատորէն օրինակ մը ապսպրելու համար, այցելել՝ 100years100facts.com կայքը։
Այս մասին կը յայտնէ Ասպարէզ: