Ուիլեըմ Սարոյեանին Առնչուող Նիւթեր Կը Փնտռուին Անոր Ֆրեզնոյի Տուն-Թանգարանին Համար

Երեւան հաստատուած «Մտաւորական Զարթօնք» հիմնարկը անցեալ տարի մասնաճիւղ մը բացաւ նաեւ Ֆրեզնոյի մէջ, գնելով աճուրդի հանուած Ուիլեըմ Սարոյեանի բնակարանը։

Արդէն իսկ աշխատանքները ընթացքի մէջ են՝ 2729 W. Griffith Way հասցէին գտնուող տունը վերածելու աշխարհահռչակ գրողին անուան տուն-թանգարանի, որ միաժամանակ պիտի ըլլայ մշակութային կեդրոն մը, ուր կարելի պիտի ըլլայ նորագոյն արհեստագիտութեան օգտագործումով ուսումնասիրութիւններ իրականացնել եւ մօտէն ծանօթանալ Սարոյեանի աշխատանքի միջավայրին:

Թանգարանի հաւաքածոն հարստացնելու նպատակով, հիմնարկը արդէն իսկ դիմած է Սթենֆըրտի համալսարանին ու Քալիֆորնիոյ համալսարանի Պըրքլիի մասնաճիւղին, Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղին եւ այլ հաստատութիւներու:

Այժմ հիմնադրամի տնօրէն Յակոբ Յակոբեան կը դիմէ բոլորին, որ Սարոյեանի առնչուող նիւթեր տրամադրեն թանգարանին։ Ստորեւ ցանկը այնպիսի նիւթերուն, որոնցմով հետաքրքրքուած է հիմնադրամը.

– Սարոյեանի Ֆրեզնոյի եւ Փարիզի բնակարաններէն լուսանկարներ կամ տեսանիւթեր.

– Սարոյեանի ստորագրութիւնը կրող գիրքեր, ինչպէս նաեւ օրագրային էջեր, կնքած համաձայնագիրները եւ իր հատորներուն առաջին հրատարակութեան օրինակներ.

– Սարոյեանի նամակները, անոր գործերուն նախնական օրինակները, նոթերը, գծագրութիւններն ու նկարչութիւնները.

– Սարոյեանի ստացած նամակները։

– Սարոյեանի պատկանած իրերը եւ կահ կարասին։

Յաւելեալ տեղեկութեանց համար դիմել info@irf.am հասցէին կամ հիմնարկին Հայաստանի գրասենակը՝ (374) 41440344 թիւով։

Scroll Up