«Հաուըրտ Գարակէօզեան» Հաստատութիւն. Ամառնային Դպրոցի Պաշտօնական Բացում

«Հաուըրտ Գարակէօզեան» հաստատութիւնը լիբանանահայ գաղութին մէջ իր բժշկական, ընկերային, մարդասիրական ծառայութիւններով իր որոշիչ դերը ունի: Այսուհանդերձ, հաստատութեան ուշադրութեան կիզակէտը կը հանդիսանայ մանուկը, որուն հոգածութեան համար ճիգ չի խնայուիր:
Այս առումով «Հաուըրտ Գարակէօզեան» հաստատութիւնը, գլխաւորութեամբ` Զաւէն Թղըլեանի եւ Քրիստին Սարգիսեանի, 10-րդ տարին ըլլալով ամրան ընթացքին հայ մանուկներուն ապահով եւ ուրախ միջավայր տրամադրելու առումով կազմակերպեց ամառնային դպրոց, որուն բացումը կատարուեցաւ երեքշաբթի, 28 յունիս 2016-ին, առաւօտեան ժամը 9:00-էն սկսեալ, Ազգային Լ. Եւ Ս. Յակոբեան քոլեճին մէջ:
Բացման հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան «Գարակէօզեան» հաստատութեան Խորհրդատու մարմինի անդամներ Ազատուհի Սիմոնեան եւ Վահէ Պարսումեան, «Գարակէօզեան» հաստատութեան տնօրէն Սերոբ Օհանեան, Ազգային Լ. Եւ Ս. Յակոբեան քոլեճի տնօրէն Վիգէն Աւագեան եւ մեծ թիւով ծնողներ:
Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ ամառնային դպրոցի պատասխանատուներէն Քրիստին Սարգիսեան, որ նշեց, թէ «մեծ ուրախութեամբ եւ 10-րդ տարին ըլլալով ամառնային դպրոցի բացումը կը կատարենք»: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողներուն, որոնք իրենց զաւակները վստահած են «Գարակէօզեան» հաստատութեան: Սարգիսեան ըսաւ, որ համատեղ գործակցութեամբ պիտի կարենան աշակերտներուն դէմքին ժպիտ փորագրել եւ անոնց սրտերուն մէջ անմոռանալի յիշատակներ տպել:
Ապա «Գարակէօզեան» հաստատութեան տնօրէն Սերոբ Օհանեան իր խօսքը փոխանցեց: Ան ըսաւ, որ 2016-ը «Գարակէօզեան» հաստատութեան 95-ամեակն է: 95 տարիներ առաջ Գարակէօզեան ընտանիքը դժբախտութիւն մը ունեցաւ եւ կորսնցուց իր զաւակը` Հաուըրտը, Միացեալ Նահանգներու մէջ. ասոր իբրեւ հետեւանք կը հիմնուի այս հիմնարկը, որ կը դառնայ օրհնութիւն 95 տարիներ շարունակ եւ անոր նպատակը կ՛ըլլայ ծառայել հայ մանուկին ու տեսնել զայն ուրախ եւ առողջ` իր ընտանիքին եւ շրջապատին մէջ:
Անդրադառնալով ամառնային դպրոցին` Ս. Օհանեան յայտնեց, որ 2016 տարին նաեւ յատուկ տարի է ամառնային դպրոցին համար, որովհետեւ անիկա կը թեւակոխէ իր 10-ամեակը: Ան նշեց, որ այս ծրագիրը կ՛իրականանայ գործակցութեամբ հաստատութեան ընկերային ծառայողներուն, Համայնքային բարգաւաճման խումբի մասնակիցներուն եւ 37 կամաւոր-ծառայող առաջնորդներու: Ան մատնանշեց, որ այս աշխատանքը կ՛ենթադրէ գործակցութիւն, համադրում, հետեւողական աշխատանք, ծառայութիւն: Ան նաեւ նշեց, որ գարնանային դպրոցին յաջողութենէն ետք, ահաւասիկ Ազգային Լ. Եւ Ս. Յակոբեան քոլեճին տնօրէնութեան գործակցութեամբ եւ դարձեալ այս քոլեճին մէջ կը համախմբուին 250 աշակերտներ, որոնք եօթը շաբթուան ընթացքին ամառնային ուրախ ժամանցի պահեր պիտի ունենան:
Խօսքի աւարտին ան շնորհակալութիւն յայտնեց բարերարներուն, Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան: Ան նաեւ յայտնեց, որ «Գարակէօզեան» հաստատութեան նպատակն է հայ մանուկին հետ ըլլալ եւ զայն միշտ ժպտուն տեսնել:
Իր սրտի խօսքը փոխանցեց Ազգային Լ. Եւ Ս. Յակոբեան քոլեճի տնօրէն Վիգէն Աւագեան: Ան իր ուրախութիւնը յայտնեց ի տես այս մանուկներուն, որոնք եկած են իրենց ժամանակը լեցնելու կրթական գիտելիքներով, դաստիարակչական աշխատանքներով եւ պտոյտներով: Դաստիարակութեան մէջ ամէնէն լաւ կրթութիւնը այն է, երբ պզտիկները խաղալով եւ ժամանցով կը սորվին եւ ոչ թէ գիրքով, տետրակով: Ան ըսաւ, որ աշակերտները շատ բան կը սորվին:
Անդրադառնալով երկու տարուան ընթացքին քոլեճին եւ «Գարակէօզեան» հաստատութեան երրորդ գործակցութեան` Աւագեան նշեց, որ քոլեճը կը հաւատայ հաստատութեան նուիրական աշխատանքին կարեւորութեան եւ լրջութեան: Ան ըսաւ, որ իրենց կարելին ի սպաս կը դնեն, որպէսզի այս կարեւոր ծրագիրը յաջողութեամբ պսակուի:
Ապա «Փոքրերու աշխարհ» խումբը մանուկները զուարճացուց իր խաղերով ու պարերով, իսկ քոլեճին բակին մէջ դիմայարդարման, հիւրասիրութեան կրպակներ զետեղուած էին աշակերտներուն համար:
Աւարտին ներկաները խմբանկար մը ունեցան:
Այս մասին կը յայտնէ Ազդակ: