Դեսպան Սէյրանեանի Հանդիպումները Բրատիսլաւայի Մէջ

Հոկտեմբեր 9-ին Չեխիոյ եւ Սլովակիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Տիգրան Սէյրանեան այցելեց Սլովակիոյ Հանրապետութեան մայրաքաղաք Բրատիսլաւա:

Դեսպանը նախ հանդիպում ունեցաւ Արտաքին եւ Եւրոպայի գործերու նախարարութեան մէջ, ուր տարածքային վարչութեան պետ Բրանիսլաւ Հիտկայի հետ քննարկուեցան հայ-սլովակական յարաբերութիւններուն առնչուող, ինչպէս նաեւ եւրոմիութեան հետ համագործակցութեան հեռանկարները, տարածաշրջանային խնդիրներ:

Այնուհետեւ դեսպան Սէյրանեանին ընդունեց Սլովակիոյ Հանրապետութեան խորհրդարանի` Ազգային խորհուրդի նախագահ Փաւոլ Փաշկան: Հանդիպման սկիզբը Տիգրան Սէյրանեան շնորհակալութիւն յայտնեց Սլովակիոյ օրէնսդիր ղեկավարին`  Ազգային խորհուրդի 2004թ. Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող եւ դատապարտող յայտարարութեան եւ 2009թ. ընդունած ցեղասպանութիւններու
մերժումը քրէականացնող օրէնքի համար: Կողմերը քննարկեցին ԵՄ-Հայաստան եւ երկկողմ յարաբերութիւններու ընթացքը: Երկուստեք շեշտուեցաւ միջխորհրդարանական գործակցութեան զարգացման եւ բարձր մակարդակով փոխադարձ այցերու անհրաժեշտութիւնը:

Սլովակիոյ հայ համայնքի ներկայացուցիչներու հետ հանդիպման ժամանակ դեսպանը ներկայացուց հայ-սլովակական յարաբերութիւններու ներկայ վիճակը, Փրակի մէջ ՀՀ դեսպանութեան գործունէութիւնը: Քննարկուեցան նաեւ հայ համայնքին առնչուող հարցեր: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը տեղեկացնեն ՀՀ ԱԳՆ մամլոյ գրասենեակէն:

Scroll Up