Աստրախանի 25-Ամեայ «Արեւը»

2016 թ․ Յունիս 26-ին Աստրախանի Մարզային հայկական մշակութային «Արեւ» համայնքը տօնեց կազմաւորման 25-ամեակը: Այս մասին Հայերն այսօրին Աստրախանէն կը յայտնէ Լուսինէ Սարգսեան:
Տօնակատարութիւնը իրականացուեցաւ տեղի Պատանի հանդիսատեսի թատրոնին մէջ: Բացման արարողութիւնը սկսաւ համայնքի ղեկավար, բժշկական գիտութիւններու փրոֆէսոր, ՌԴ վաստակաւոր գործիչ Սանտրօ Ատավազդի Զուռնաչեանի շնորհաւորական խօսքով: Տօնակատարութեան ներկայ էին մարզային տարբեր համայնքներու ղեկավարներ, տեղական վարչակազմի ներկայացուցիչներ` իրենց շնորհաւորանքներով:
Երեկոյին ընթացքին ՌԴ Կրթութեան եւ Գիտութեան կողմէ պարգեւատրուեցան համայնքի ձեւաւորման ու զարգացման նպաստած մեր հայրենակիցները, որոնք կ’ընեն ամէն ինչ, որպէսզի մենք` հայերս, պահպանելով մեր բազմադարեայ մշակոյթն ու աւանդոյթները, պատուով ու հպարտութեամբ ներկայանանք բազմազգ ՌԴ մէջ:
Ներկաներուն համար մեծ եւ հաճելի անակնկալ էր Սփիւռքի նախարար Հ․ Յակոբեանի շնորհաւորական տեսաուղերձը, որմով եւս մէկ անգամ կը հաւաստուի, որ, ճակատագիրի բերումով,ապրելով ու բարգաւաճելով այլ երկրներու մէջ, այնուամենայնիւ , մենք կը սնուինք ու ծիլ կ’արձակենք մեր հայրենիքի` մայր Հայաստանի շնորհիւ: Եւ հայրենիքի շնորհիւ է, որ թէկուզ ուրիշ հողի վրայ, ինչպէս հնչեցին երեկոյի աւարտին ասմունքող Անոյշ Պապայեանի շրթունքներէն սեւակեան յայտնի խօսքերը, կանք, պիտի լինենք, ու դեռ շատանանք: