Հռոմի Պապը Հայաստան Այցելութենէն Ետք Խոստացած է Ատրպէյճանցիներուն Պատմել Այն Ճշմարիտին Մասին, որ Տեսած է

Հռոմի Սրբազան Քահանայապետ Ֆրանչիսկոս Պապը Հայաստան այցելութենէն ետք խոստացած է ատրպէյճանցիներուն պատմել այն ճշմարիտին մասին, որ տեսած է:

Ըստ Armenpress.am-ի՝ Հայաստանէն Վատիկան վերադառնալու ճանապարհին Պապը պատասխանած է լրագրողներու հարցերուն` ի թիւս այլոց անդրադառնալով նաեւ Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին ուղղուած հաշտեցման կոչին: Լրագրողներէն մէկը հարցուցած է, թէ ինչ պիտի ըսէ ան Ատրպէյճանին, երբ շաբաթներ անց այցելէ այդ երկիր:

«Ես պիտի խօսիմ ատրպէյճանցիներու հետ այն ճշմարիտին մասին, որ տեսած եմ, անոր մասին, ինչ զգացած եմ, եւ ես նաեւ պիտի քաջալերեմ զանոնք: Ես պիտի ըսեմ ձեզ հետեւեալը` փոքրիկ հողակտորի մը համար խաղաղութիւն չհաստատելը, որովհետեւ ատիկա մեծ խնդիր չէ, մութ բան մը կը նշանակէ, այնպէս չէ՞: Սակայն ես կ՝ըսեմ բոլոր հայերուն եւ ատրպէյճանցիներուն. հաւանաբար անոնք չեն կրնար համաձայնութեան գալ խաղաղութեան հասնելու ուղիներու հարցով, եւ այս խնդիրին շուրջ անոնք պէտք է աշխատին: Սակայն ես չեմ գիտեր, թէ ալ ինչ ըսել… Այս պահուն ատիկա կը բխի իմ սրտէն` միշտ դրականօրէն փորձել գտնել կենսական լուծումներ, որոնք առաջ կը տանին»,- ըսած է Հռոմի Ֆրանչիսկոս Պապը:

Scroll Up