Խաղաղութեամբ Ամրակայուած Անկախութիւն
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/06/48602358.jpg)
Յունիս 24 –ին Ախալքալաքի, իսկ Յունիս 26-ին `Ախալցխայի Կրթամշակութային Երիտասարդական Կեդրոններուն մէջ, ՎՀՕՄ-ի Միաւորը իրականացուց աւանդական դարձած ստեղծագործական շարադրութեան մրցոյթ: Ախալքալաքի մէջ մրցոյթին կը մասնակցէին նաեւ Նինոծմինտայի շրջանի աշակերտները: Մասնակիցներու ընդհանուր թիւը 122 էր, որոնց մէջ ընդգրկուած էին նաեւ Երիտասարդական Կեդրոններու համապատասխան խումբերու աշակերտներ, «Հայերն այսօր»-ի փոխանցմամբ` կը յայտնէ akhaltskha.net-ը:
Խաղաղութեան թեման արդիական էր ու ժամանակակից քննարկուելիք նիւթ: Առաջարկուած վերնագիրները, համապատասխան խորագիրին, կը վերաբերէին խաղաղութեան ու անկախութեան: «Յաղթականի դրօշ», «Երգէք այգաբացի արտոյտներ»: «Խաղաղութեան ջահակիր զինուոր եղբայրս», «Խօսք սիրոյ եւ համերաշխութեան» վերնագիրները առաւել ընտրուածներն էին: Շարադրութեան արդիւնքները կը հրապարակուին քանի մը օրէն:
Կազմակերպիչներու հաւաստմամբ, մրցոյթին յաղթողներուն կը տրուին համապատասխան մրցանակներ, իսկ բոլոր մասնակիցներուն համար նախատեսուած են Պատուոգիրներ:
Նոյն օրը Յունիս 26-ին շարադրութիւններու մրցոյթին զուգահեռ ՎՀՕՄ-ի կողմէ Ախալցխայի Հայկական Երիտասարդական Կրթամշակութային կեդրոնին մէջ իրականացուեցաւ հայոց պատմութեան մրցոյթ «Իմ ծննդավայրի երկրագիտութիւնը» խորագիրի ներքոյ: