Հայ-Յունական Առնչութիւններ. Հանդիպում Աթէնքի Համալսարանին ՄԷջ

«Ճակատագիրը հայերուն դժուար տարածք տուած է, հայ ազգը բազում վտանգներ  տեսած է իր ճանապարհին, սակայն իր առաքինութիւններով ու բնատուր շնորհներով շարունակած է ապրիլ, վերապրիլ ու զարգանալ»,-նման խոհերով  բնութագրած է հայերուն յոյն գրող Միցոս Ալեքսանտրոպուլոս իր «Հայերը» գիրքին մէջ:

Ճակատագիրով այդ դժուար տարածքին մէջ հայերու կողքին բնակած են նաեւ յոյներ, որոնց մէկ մասը հաստատուած է Արցախի Մարտակերտի շրջանի Մեհմանա գիւղին մէջ, դեռեւս 19-րդ դարու սկիզբը:

Գողտրիկ այս գիւղի բնակիչները Արցախի ժողովուրդին հետ կիսած են աւանդոյթները, նիստն ու կացը, պատերազմը, տագնապը, ուրախութիւնն ու յաղթանակը: Յոյներուն համար ատիկա սովորական տարածք չէ, այլ հարազատ բնօրրան: Մեհմանայի այսօրուան պատկերին, դիմագիծին, առօրեային եւ վաղուան տեսլականին մասին խօսեցաւ Աթէնքի համալսարանի ուսանողուհի Քրիստինա Էլեւթերովան իր «Յունական գիւղը Հայաստանի մէջ» աշխատութեան մէջ: Յատուկ ընդգծեց իր մեծմօր` Մեհմանայի ծնունդ ՀՀ ժողովրդական արուեստագէտ  Անժէլա Աթաբէկեանի ծառայութիւններուն մասին քանոնահարութեան ասպարէզին մէջ:

Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Յունիս 22-ին, Աթէնքի համալսարանի ազգագրութեան բաժանմունքին մէջ: Երիտասարդ ազգագրագէտին դրուատեցին Աթէնքի համալսարանի ազգագրութեան դասախօս Վասիլիկի Խրիսանթոպուլուն եւ ճանչցուած մտաւորական, բանաստեղծ Յակոբ Ճելալեանը: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը գրէ Նանէ Կարապետեան Աթէնքէն:

Համալսարանական հանդիպումը անմոռաց դարձուց հայ ազգային երգի «Անի համոյթը, որուն կատարողներէն մէկը հէնց ինքը` շուիահար Քրիստինա Էլեւթերովան էր, աշխատութեան հեղինակը: Ներկաները սիրով ունկնդրեցին Սայաթ- Նովա, Խաչատուր Աւետիսեան եւ շատ այլ հայ երգահաններու ստեղծագործութիւնները:

Scroll Up