Ընդհանրական Արարողութեան Աւարտին Հովուապետերը Ջրեցին Նոյեան Տապանի Որթատունկը

Հայերն այսօրի փոխանցմամբ` Յունիս 25-ին Հանրապետութեան հրապարակին վրայ կայացած ընդհանրական արարողութեան աւարտին երկու հովուապետերուն մօտեցան Մերձաւոր Արեւելքէն ժամանած կամ արդէն Հայաստանի մէջ ապաստանած ընտանիքներու պատանիներ ու երիտասարդներ, որոնք Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին եւ Հռոմի սրբազան քահանայապետին մատուցեցին օրհնութեան համար իրենց երկիրներէն բերուած հողը:
Պատանիներն ու երիտասարդները իրենց ձեռքին կը կրէին իրենց երկիրներէն բերուած հողով եւ ջուրով լեցուած սափոր: Հողը եւ ջուրը օրհնելու նուիրական արարողութենէն ետք այն լեցուեցաւ բեմահարթակի վրայ դրուած Նոյեան տապանի մանրակերտին մէջ:
Պատանիներու վերջին զոյգը Հայաստանէն էր: Անոնք կը խորհրդանշէին հայ ժողովուրդի վերածնունդը իր պատմական հայրենիքի այս հատուածին մէջ:
Աւարտին Հռոմի պապն ու Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը ջրեցին տապանը, ուր տնկուած էր որթատունը, որ կը խորհրդանշէ փրկութեան եւ վերածնունդի ուղին անցած Նոյ նահապետին, որ բիբլիական Արարատէն իջնելով` տնկեց որթատունկը: