Հռոմի Պապի Հետ Մերձաւոր Արեւելքի Խաղաղութեան Համար «Աղօթող» Պատանիները. Աղօթք Առ Իսրայէլ

Յունիս 25-ին Հանրապետութեան հրապարակին վրայ Հռոմի Ֆրանչիսկոս Պապի ընդհանրական արարողութեան կը մասնակցին Իսրայէլ ապրող` Պերճ եւ Մարիա Քեչուկեանները, որոնք իրենց ծննդավայրէն բերուած  բուռ մը հողով կը մասնակցին ալեկոծեալ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման համար Հռոմի Պապի հնչեցուցած աղօթքին:

Կը ներկայացնենք իսրայէլահայ պատանիներուն մասին «Հայերն այսօր»-ի փոքրիկ անդրադարձը:

Պերճ եւ Մարիա Քեչուկեանները ծնած են Իսրայէլ: Կը յաճախեն Երուսաղէմի «Սրբոց Թարգմանչաց» վարժարանը:
Անոնց Հայաստան առաջին անգամ տեսնելու հնարաւորութիւն ընձեռեց Հռոմի Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի հետ Երեւանի Հանրապետութան հրապարակին վրայ հանդիպումը, ընդհանրական արարողութեան ու Խաղաղութեան աղօթքին մասնակցիլը: Պերճի եւ Մարիայի ցանկութիւնը` Հռոմի Պապի այցելութեամբ Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի օրհնուիլն է:

Սրտի տրոփիւնով կը սպասեն Հռոմի պապին տեսնելու երանելի պահին, որմէ ետք ոգեւորուած կը սկսին շրջագայել Հայաստանի տեսարժան վայրերով` բացայայտելու հայրենիքի ամէն մէկ անկիւնը:

Պատանիներու պապերը ապրած են Արեւմտեան Հայաստանի Մարաշ քաղաքին մէջ, որոնք Հայոց ցեղասպանութեան դժոխային, սարսափելի օրերը  տեսած են: Տէր Զօրի անապատի ճանապարհին կրելով բազում տանջանքներ` անոնք հասած են Երուսաղէմ` հաստատուելով Սուրբ Յակոբ մայրավանքին մէջ:

 

Scroll Up