Միխայիլովկայի Մանկապարտէզի Երեխաները Սուրբ Պատարագին Եկած Են Հռոմի Պապի Հագուստով

Տաւուշի մարզի Միխայիլովկա գիւղի մանկապարտէզի երեխաները Գիւմրիի մէջ այսօր` Յունիս 25-ին, մատուցուող սուրբ պատարագին եկած են Հռոմի Պապի հագուստով: Երեխաները որոշած են «Հայր մերը» ըսել, եթէ հնարաւորութիւն ունենան:

NEWS.am-ի հետ զրոյցին երեխաներէն մէկուն ծնողը ըսաւ, որ դաստիարակչուհիին որոշումը եղած է երեխաներուն նման հագուստով բերել Գիւմրի, որպէսզի գեղեցիկ ըլլան եւ առանձնանան:

Նշենք, որ Գիւմրիի Վարդանանց հրապարակին վրայ, Հռոմի Ֆրանչիսկոս Պապը սուրբ պատարագ կը մատուցէ:

Scroll Up