ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի 51րդ Շրջանային Ժողովի Յայտարարութիւնը

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի 51րդ Շրջանային ժողովը, որ տեղի ունեցաւ Յունիս 16-19 երկարող օրերուն ընթացքին, հանգամանօրէն քննարկեց նախորդող երկու տարիներուն ընթացքին կուսակցութեան ունեցած գործունէութիւնը եւ կատարեց համապատասխան արժեւորումը: Ժողովը քննարկեց նաեւ շրջանին առնչուող կուսակցական եւ համայնքային բնոյթի բոլոր հարցերը, ինչպէս նաեւ հանգամանօրէն անդրադարձաւ Հայաստանի ու Սփիւռքի համահայկական բնոյթի հիմնական հարցերուն:
Շրջանային ժողովը, անդրադառնալով նաեւ յառաջիկայ երկամեայ կուսակցական գործունէութեան հիմնական ուղղութիւններուն, հետեւեալ պարտականութիւնները յանձնեց նորընտիր Կեդրոնական կոմիտէին՝ առ ի գործադրութիւն.
ա.- Թափով ու հետեւողականութեամբ յառաջ տանիլ շրջանի կազմակերպութեան ուժեղացումն ու երիտասարդութեան գաղափարական ու քաղաքական դաստիարակութիւնը, ի գործ դնելով ժամանակակից ու արդիւնաւէտ աշխատանքի միջոցներ:
բ.- Ճիգ չխնայել հայկական համայնքը համախմբելու եւ անոր ազգային դիմագիծը ամրապնդելու եւ զայն լծելու համայն հայութեան հզօրացման առաքելութեան:
գ.- Բարոյապէս ու գործնականօրէն զօրակցիլ Հայաստանի մէջ արդար հասարակարգ ստեղծելու Հայաստանի մեր կազմակերպութեան աշխատանքներուն ու պետականութեան ամրակայման ծրագիրներուն:
դ.- Համաամերիկեան քաղաքական ու հասարակական շրջանակներէն ներս հայանպաստ ու հայաստանանպաստ տրամադրութիւնները քաջալերելով՝ խորացնել հայութեան պահանջատիրական պայքարի յառաջընթացը եւ ամրապնդել Հայաստանի ու Արցախի անվտանգութեան ու զարգացման երաշխիքները:
ե.- Վճռականօրէն սատարել Արցախի ինքնորոշման ու ամբողջականութեան պահպանման նուիրական գործին լծուած ՀՅԴ Արցախի կառոյցին ու ընդհանրապէս Արցախի ժողովուրդի ամէնօրեայ մարտնչումին:
զ.- Շարունակել առաւելագոյն յանձնառութեամբ տէր կանգնիլ Արեւմտեան Հայաստանի գծով, Թուրքիայէն հողային մեր պահանջատիրական պայքարի վեհ գործին:
է.- Սուրիահայութեան կողքին կանգնիլ, իր գոյութեան համար պայքարող այս կարեւոր համայնքին տրամադրելով շրջանիս ամբողջական զօրակցութիւնը:
Ժողովի աւարտին ընտրուեցաւ շրջանի Կեդրոնական կոմիտէն, որ յաջորդ երկու տարիներուն ընթացքին պիտի ծառայէ շրջանի կարիքներուն:
ՀՅԴ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ
51ՐԴ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎ