Հալէպի Մէջ Սուրիական Բանակի Օդուժը Խիտ Հարուածներ Ուղղեց Ահաբեկիչներուն

Հալէպի Մէջ Սուրիական Բանակի Օդուժը Խիտ Հարուածներ Ուղղեց Խաղաղ Բնակչութիւնը Թիրախ Դարձնող Ահաբեկիչներուն, կը յայտնէ «Գանձասարը»:
Երէկ գիշեր մինչեւ լոյս առաւօտ սուրիական բանակին օդուժը վերջին տարիներու ամէնէն բուռն եւ խիտ հարուածները ուղղեց Հալէպի խաղաղ բնակչութիւնը կազի պայթուցիկ տակառներով ու հրթիռներով անընդհատ թիրախ դարձնող զինեալ ահաբեկիչներու շրջաներուն։
Նշենք, որ վերջին երեք տարիներուն յատկապէս Պենի Զետ եւ Փոսթան Փաշա շրջաններուն մէջ տեղակայուած զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ աղետալի վիճակի հասցուցին Հալէպ քաղաքը՝ իր բնակչութեամբ, մշակութային, կրթական եւ կրօնական կառոյցներով ու անխնայ հարուածեցին խաղաղ բնակչութիւնն ու քանդեցին հարիւրաւոր բնակարաններ ու կառոյցներ։
Ահաբեկիչներու շրջանները հարուածելու բնակչութեան շարունակուող կոչերուն անսալով սուրիական բանակի օդուժը, ռուսական օդուժին օգնութեամբ խտացուց վերոնշեալ շրջաններուն ուղղուած իր հարուածները՝ յատկապէս երէկ կէս գիշերէն մինչեւ առաւօտ։
Վերջին շրջանին Հալէպի մէջ բարելաւուեցաւ նաեւ ջուրի եւ ելեկտրականութեան մատակարարումը։