Ժպտացող Զինուորը Արդէն Կը Քալէ
Ապրիլեան պատերազմին երկու ոտքէն զրկուած Դաւիթ Գրիգորեանի քալելու լուրը կ’աւետէ անոր բժիշկը` Մկրտիչ Գինոսեան: Բժիշկը զինուորին հետ լուսանկարը տեղադրած է ֆէյսպուքեան էջին վրայ. «Դաւիթ Գրիգորեան (ժպտացող տղան)»:
Ըստ Panorama.am-ի` զինուորը «Ժպտացող» մականունը ստացաւ ընկերային ցանցերու օգտատէրերուն կողմէն, հիւանադանոցի եղած գրեթէ բոլոր լուսանկարներուն մէջ ան կը ժպտար:
«Մէկ էլ պայթուն լսուեց: Տեսայ` ոտքս չկայ: Հանեցի համազգեստիս գօտին ու կապեցի, որ չարնահոսեմ: Նոր էի աւարտել կապելը, նորից պայթիւն լսուեց, տեսայ` միւս ոտքս կտրուեց: Զինուորական սապոգիս քուղը հանեցի ու միւս ոտքս կապեցի: Պառկած սպասում էի, որ ընկերներս օգնութեան գան, գլխիս տակ ինչ-որ կոշտ բան զգացի, նայեցի- տեսայ ական է: Ձեռքով փորելով էդ ականը հանեցի գլխիս տակից….Ազգային հերոս պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի այցելութիւնը ինձ շատ ոգեւորեց: Նախարարն ասաց` ծունկ ունես, ուրեմն` ոտք ունես: Մեր նախարարին խնդրեցի հնարաւորութիւն տալ շարունակելու ծառայութիւն: Շատ շնորհակալ եմ, որ ընդառաջեց, խոստացաւ իմ ծննդավայր Նոյեմբերեան զօրամասում ծառայութիւնս շարունակելու հնարաւորութիւն տալ»,-«Հայզինուոր»-ին ըսած էր Դաւիթը: