Լիբանանի Մէջ ՀՀ Դեսպանը Այցելեց Նախարար Ժրէյժի Եւ Սաապի

Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան երէկ այցելեց տեղեկատւութեան նախարար Ռամզի Ժրէյժի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան-հայաստանեան երկկողմանի յարաբերութիւնները: Այս մասին կը հաղորդէ Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթը։
Հանդիպումէն ետք Մկրտչեան յայտնեց, որ Ժրէյժի հետ հանդիպումը եղած է դրական` աւելցնելով, որ ընդգծուած է Հայաստանի եւ Լիբանանի միջեւ յարաբերութիւններու ամրապնդումը` տեղեկատուական մարզին մէջ:
Մկրտչեան շեշտեց, որ լսատեսողական մարզի եւ գրաւոր մամուլի արձանագրած զարգացումներուն առընթեր կարեւոր է, որ մարդիկ տեղեկութիւնները ստանան վստահելի աղբիւրներէն:
Մկրտչեան հաստատեց, որ Լիբանանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւնները երկուստեք կարեւոր են, յատկապէս Հայաստանի համար: «Հայաստան ճիգ պիտի չխնայէ տեղեկատուութեան մարզին մէջ երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու իմաստով», եզրափակեց դեսպան Մկրտչեան:
Սամուէլ Մկրտչեան այցելեց նաեւ Ազգային լրատու գործակալութեան կեդրոն, ուր հանդիպում մը ունեցաւ գործակալութեան նախագահ Լոր Սլէյման-Սաապի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ տեղեկատուական մարզին մէջ Հայաստան-Լիբանան գործակցութեան հեռանկարները:
«Նկատի ունենալով, որ Ազգային լրատու գործակալութեան լիբանանեան տեղեկատուութեան մարզի պաշտօնական աղբիւրն է, ապա կարեւոր է, որ անոր եւ Հայաստանի պաշտօնական լրատուութեան միջեւ գործակցութիւն արձանագրուի», ըսաւ Մկրտչեան: Ան հաստատեց, որ լիբանանեան եւ հայկական կողմերը մեծ կարեւորութիւն կ՛ընծայեն այս գործակցութեան: