«ՀՈՇԱՆԱՅԻ ՎԵՐՋԻՆ ԽՕՍՔԸ» ԿԱՄ՝ «ԴՈՒՆ ՉԵՍ ԿՐՆԱՐ ՄԵՐ ՀՕՐԱՔՈՅՐԸ «ՀԱՅ» ԿՈՉԵԼ»
Ահմէտ Ապաքայ Թուրքիոյ ժամանակակից լրագրողներու միութեան նախագահն է: Ան հրատարակած է «Հոշանայի վերջին խօսքը» խորագրեալ գիրք մը, որ 82 տարեկանին, մահիճին մէջ իր հայկական ինքնութիւնը իրեն բացայայտած մօրը՝ Հոշանայի պատմութիւնն է:
Առջի օր, գիրքին շնորհահանդէսին, որ տեղի ունեցած է Անգարայի մէջ, գրող-լրագրողը անդրադառնալով իր լոյս ընծայած գործին պատմականին, ըսած է, որ մայրը իր ամբողջ կեանքի ընթացքին գաղտնի պահած է հայ ըլլալը եւ ատոր մասին ալ ինք գիրք գրած է:
Թրքական Radikal օրաթերթը Հոկտ. 7ին, արձագանգելով երեւոյթին, կը գրէր, թէ գիրքին լոյս ընծայումէն ետք Ապաքայի զարմիկները դժգոհ մնացած են ու զինք սպառնացած, ըսելով՝ «Դուն չես կրնար մեր հօրաքոյրը «հայ» կոչել: Հաւաքել կու տանք գիրքդ»: Այս եւ նման բազմաթիւ սպառնալիքներու հետեւութեամբ Ապաքայ կ՚ըսէ. «Երբ այսօր իմ ազգականներս ինծի նման բաներ կ՚ըսեն, ուրեմն բնական է, որ մայրս այդքան տարիներ վախցած ըլլայ իր հայ ըլլալը յայտելու», աւելցնելով որ իր մայրը խնդրած էր, որ մինչ իր մահը ոչ մէկուն ըսէ իր հայ ըլլալուն մասին:
ԽՄԲ.- Այս ու նման պատահարներ կարելի է մեզի համար «բարեբախտութիւն» համարել։ Արդարեւ, անոնք մեզի –աւելի ճիշդ՝ մեզմէ անոնց՝ որոնք պատրանքներ ունին-, կը յուշեն, թէ որո՛ւ հետ գործ ունինք։ Խօսքը, ի հարկէ, «դուն չես կրնար հօրաքոյրս հայ կոչել» ըսողներուն մասին չէ, այլ անոնց, որոնք վախ ու սարսափ սփռելով եւ ուղեղներ լուալով՝ այդպիսի խեղճերը իրենց ինքնութենէն իսկ հրաժարելու, ժանտախտի նման անկէ խուսափելու մղող այսպիսի միջավայր մը ստեղծած են։
Նոր Յառաջ