«Գայեանէ» Պարախումբը Այսօր Եւ Վաղը Հանդէս Պիտի Գան «Մոխրիկ» Պարային Ներկայացումով

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան «Գայեանէ» պարարուեստի դպրոցի աշակերտները արդէն իսկ պատրաստ են այսօր` ուրբաթ, 24 եւ վաղը` շաբաթ, 25 յունիսին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին «Էմիլ Լահուտ» կեդրոնին մէջ ներկայանալու հանրութեան եւ իրենց տարեշրջանի մը աշխատանքին արդիւնքը ներկայացնելու իրենց ծնողներուն եւ լիբանանահայ արուեստասէրներուն:
Այս մասին կը վկայեն պարուսոյց եւ գեղարուեստական ղեկավարներ Կարէն եւ Ժաքլին Մակինեանները, որոնք թէեւ որոշ մտավախութիւններ ունին, սակայն ատիկա բնական է, որպէսզի բոլորը աւելի զգաստ մնան, եւ ելոյթները կարելի եղածին չափ կատարելագոյն կերպով ներկայացուին: Անոնց նպատակն է շուրջ 300 աշակերտներու մէջ սերմանել սէրը հայկական մշակոյթին, պարարուեստին եւ երաժշտութեան նկատմամբ, սակայն միեւնոյն ատեն ծանօթացնել նոր պարերու, նոր մշակութային դրսեւորումներու: Այս տարի «Գայեանէ» պարարուեստի դպրոցի աշակերտներու ելոյթներուն նիւթը «Մոխրիկ»-ն է, որ պիտի բեմականացուի պարային ներկայացումներով: Ժաքլին Մակինեանի համաձայն, թէեւ ամբողջ ելոյթը մէկ նիւթի շուրջ կեդրոնացնելը բաւական բարդ է, սակայն անիկա արդէն իրականութիւն դարձած է, ինչպէս նաեւ մեծ հաճոյք կը պատճառէ աշակերտներուն:
Կարէն Մակինեան բացատրեց, որ իրենք իրենց առաւելագոյնը ըրած են, սակայն պէտք է միշտ ի մտի ունենալ այն, որ ասիկա դպրոց է, ոչ թէ արհեստավարժ կեդրոն, ուստի պէտք է այդ մօտեցումով դիտել ելոյթները:
Հայրենիքէն այս առիթով յատուկ հրաւիրուած է արուեստագէտ Աննա Ամասը, որ աւազէ ստուերանկարներ կը պատրաստէ եւ «Գայեանէ»-ին ելոյթներուն առաջին անգամ ըլլալով լիբանանահայութեան պիտի ներկայացնէ այս արուեստը: Ան ըսաւ, որ ասիկա բաւական հետաքրքրական արուեստ է, աւազով «կառուցուող» պատկերները շատ արագ կը փոխուին, հետաքրքրական մթնոլորտ կը ստեղծեն, մանուկներու ելոյթին համար շատ յարիր են:
Լիբանանահայ արուեստասէրները հրաւիրուած են վայելելու «Գայեանէ»-ի ելոյթները եւ ըմբոշխնելու մանկական անմեղութեամբ թաթաւուն պարային ներկայացումները:
Այս մասին կը յայտնէ Ազդակ: