Պիտի Ստեղծուի Հայաստանի Խաղողագործութեան Եւ Գինեգործութեան Հիմնադրամ
Հայաստանի կառավարութեան կողմէ խաղողագործութեան եւ գինեգործութեան ոլորտներուն մէջ վարուող պետական քաղաքականութեան եւ զարգացման ծրագիրներու իրականացման նպատակով` գործադիրի որոշմամբ ստեղծուած է Հայաստանի խաղողագործութեան եւ գինեգործութեան հիմնադրամ: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ը կը տեղեկանայ Կառավարութեան մամլոյ ծառայութենէն:
Որոշման ընդունումը պայմանաւորուած է Հայաստանի խաղողագործութեան եւ գինեգործութեան ոլորտներուն մէջ արձանագրուած յաջողութիւնները ամրապնդելու եւ զարգացման յետագայ ընթացքը ապահովելու անհրաժեշտութեամբ:
Ըստ հիմնաւորման` կառավարութեան կողմէ որդեգրուած է եւ կ’իրականացուի արտահանման ուղղուած արդիւնաբերական քաղաքականութիւն, իսկ գինեգործական արտադրանքը Հայաստանէն արտահանուող սննդամթերքի հիմնական տեսակներէն է եւ ունի ծաւալային աճի մեծ ներուժ: Այդ պատճառով, մէջը ըլլալով նաեւ վերը նշուած քաղաքականութեան ծիրէն ներս, անհրաժեշտ է շարունակել ոլորտներու զարգացումը ապահովող ձեռնարկներու իրականացումը:
Հիմնադրումը պիտի գործէ պետութիւն-մասնաւոր հատուած համագործակցութեան սկզբունքով եւ հետամուտ պիտի ըլլայ բարձրորակ եւ միջազգայնօրէն մրցունակ արտադրանքի արտադրութեան, ներքին եւ արտաքին շուկաներուն մէջ հայկական գինիի վարկանիշի բարձրացման աջակցութեան ուղղուած ձեռնարկներու իրականացման: Կ’ակնկալուի, որ Հայաստանի խաղողագործութեան եւ գինեգործութեան հիմնադրամը կը հանդիսանայ կառավարութեան մօտեցումներն ու ոլորտին մէջ իրականացուող պետական քաղաքականութեան սկզբունքները կեանքի կոչող կառոյց ու կը համախմբէ այն բոլոր օղակներու ջանքերը, որոնք ուղղուած կ’ըլլան իրականացնելու գինեգործութեան ռազմավարութիւնով ամրագրուած զարգացման ծրագիրները:
Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան, կարեւոր համարելով որոշման ընդունումը, ընդգծած է, որ հիմնադրամի գործունէութենէն լուրջ արդիւնքներ կ’ակնկալէ: