Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց Սիւնհոդոսը Սկսաւ Իր Աշխատանքներուն
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2013/10/IMG_9762-300x196.jpg)
Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց տարեկան Սիւնհոդոսը տեղի կ՛ունենայ 8-17 հոկտեմբեր 2013-ին, Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան Զմմառու Տիրամօր վանքին մէջ, նախագահութեամբ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքին եւ մասնակցութեամբ հայ կաթողիկէ թեմերու բոլոր առաջնորդներուն, բացի Բերիոյ թեմի առաջնորդէն, որ հարկադրուած է իր հօտին հետ մնալ` երկրին այս տագնապալի օրերուն պատճառով:
Ժողովին աշխատանքները, բացի ընթացիկ հարցերէն, որոնք կը վերաբերին եկեղեցւոյ հոգեւոր, հովուական ու ընկերային այլազան հարցերուն, կը կեդրոնանան հետեւեալ կարեւոր նիւթերուն վրայ.
Ա.- Միջին Արեւելքի քաղաքական տագնապէն ծնունդ առած անապահով ու մտահոգիչ կացութեան լոյսին տակ, բազմապատկել ջանքերը` թեթեւցնելու համար գաղթելու հարկադրուած ժողովուրդին նիւթաբարոյական տառապանքը, յատկապէս ընկերային, հոգեկան, կրթական մարզերու մէջ:
Բ.- Ծիսական բարենորոգումի ծիրին մէջ ներառել ծրագիրը յատուկ խորհրդաժողովի մը` ներշնչուելով ծէսին ու ծիսակատարութեան նուիրուած Քահանայապետական սահմանադրութեան յիսնամեակէն, որ յորդոր մըն է ծէսը կենդանի, աւելի մատչելի ու իմանալի դարձնելու դարուս մարդոց, յատկապէս նոր սերունդին` նկատի ունենալով անոր իւրայատուկ մտայնութիւնն ու նորայայտ հոգեկան պահանջքները, պահելով անխզելի կապը մեր հայրերուն հոգեւոր աւանդութեան հետ:
Գ.- Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի հանդիսաւոր ոգեկոչումին առընթեր, որուն մեծ թափով կը պատրաստուին սփիւռքի եւ մայր հայրենիքի մէջ, յառաջ տանիլ եւ աշխուժացնել զուգահեռ աշխատանքները այդ նպատակով կազմուած յանձնախումբին` իրականացնելու համար տարիներով հետապնդուած մեր դատը` Տիեզերական եկեղեցւոյ կողմէ սուրբ հռչակել տալ Մեծ եղեռնի ընթացքին մեր բիւրաւոր այն նահատակները, որոնք զոհուեցան «ցյեղումն արեան, վասն անունն Քրիստոսի»:
Դ.- Հետապնդելով Հաւատքի տարուան ծիրին մէջ եկեղեցւոյ առաջադրած Նոր Աւետարանումի առաքելութիւնը, զօրեղացնել համագործակցութիւնը կղերական ու աշխարհական դասերուն միջեւ, խորացնելու համար քրիստոնէական հաւատքին ճշգրիտ ըմբռնումն ու վկայուած ապրումը` քսանմէկերորդ դարուն ներկայացուցած մարտահրաւէրներուն դիմաց:
Ե.- Հաղորդակցութեան միջոցներու օգտագործումը հետզհետէ աւելի արդիւնաբեր դարձնելու դիտումով, յատուկ կարեւորութեամբ կիրարկել լսատեսողական արդիական միջոցները, ինչպէս նաեւ մամուլը` քրիստոնէական հաւատքի վերազարթումի մղելու մեր ժողովուրդը, որ օրըստօրէ աւելի ենթակայ կը դառնայ հաւատքի ու բարոյականի թշնամի հոսանքներու քանդիչ ազդեցութիւնը:
Վերջապէս հայրերը` իրազեկ միջինարեւելեան եւ յատուկ կերպով Լիբանանի ու Սուրիոյ քաղաքական անկայուն կացութեան, եւ բաժնելով այդ ժողովուրդներուն արդար մտահոգութիւնը ապագայի անորոշ վիճակին մասին, իրենց ձայնը կը միացնեն այդ երկիրներու առողջ ու հայրենասէր տարրերուն կոչին` օր առաջ քաղաքական հանրօգուտ ու մնայուն լուծում մը գտնելու համար այս անհանդուրժելի կացութեան:
ԴԻՒԱՆ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ
ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱՑ ՍԻՒՆՀՈԴՈՍԻՆ
aztagdaily.com