Դոկտ. Անահիտ Տօնապետեան Ներկայացուց «Արեւմտահայերէնը` Կենսունակ Լեզու» Նիւթը

Կազմակերպութեամբ «Ազդակ»-ի խմբագրութեան, երէկ` չորեքշաթի, 22 յունիսին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Արեւմտահայերէնը` կենսունակ լեզու» նիւթով 119-րդ մամլոյ լսարանը, զեկուցաբերն էր դոկտ. Անահիտ Տօնապետեան:
Լսարանի սկիզբը խօսք առաւ «Ազդակ»-ի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան, որ նախ ներկայացուց լսարանին նիւթը, ապա ծանօթացուց դոկտ. Անահիտ Տօնապետեանը, որ «Սորպոն» համալսարանէն վկայուած է լեզուի մասնագիտական դոկտորականով եւ այժմ Փարիզի «ԻՆԱԼՔՕ»-ի (Օտար լեզուներու եւ քաղաքակրթութիւններու ազգային հաստատութեան) հայկական ամպիոնի վարիչն է:
Դոկտ. Անահիտ Տօնապետեան նախ պատմական ակնարկով մը անդրադարձաւ գրաբար հայերէնին եւ անոր զարգացման հոլովոյթին: Ան բացատրեց, թէ գրաբարը ժամանակի ընթացքին հեռու եւ անմատչելի դարձած է ժողովուրդին: Տօնապետեան ընդգծեց, որ լեզուի փոփոխութիւնը, այս պարագային գրաբարէն աշխարհաբար անցումը, արդիւնքն է յեղափոխութեան մը` ԺԹ. դարուն թէ՛ քաղաքական, թէ՛ ընկերային գետնի վրայ տեղի ունեցած փոփոխութեան: Այս յեղափոխութիւնը խթանեցին թաղային դպրոցներու աճը, աշխարհաբարով դասաւանդումը, աշխարհաբարի կանոնակարգումը, մամուլը, թարգմանութիւնները, գրականութեան հոլովոյթը եւ յատկապէս «Մեհեան» շարժումը, ըստ որուն Վարուժան, Զարեան եւ Օշական աշխարհաբարը կը դարձնէին ստեղծագործական պարզ լեզու: Այս ձեւով պարզուած է հետեւեալ պատկերը. Արեւմտահայաստանի քաղաքաբնակ հայութիւնը եղած է հայախօս, բայց նաեւ բազմալեզու, իսկ գաւառաբնակ հայութեան պարագային իւրաքանչիւր շրջան ունեցած է իր բարբառը, շատ յաճախ թրքախառն կամ քրտախառն:
Ըստ դոկտ. Անահիտ Տօնապետեանի, արեւմտահայերէնը երկրորդ արմատական փոփոխութեան ենթարկուած է Հայոց ցեղասպանութենէն ետք, երբ կազմաւորուած են գաղութները, եւ լեզուին կենսունակութիւնը պայմանաւորուած է գաղութին քաղաքական եւ ընկերային դրութեամբ: Այս իմաստով, թրքահայութիւնը կը նկատուի այն գաղութը, ուր արեւմտահայերէնը ամէնէն նուազ կենսունակութիւնը կ՛արձանագրէ, իսկ լիբանանահայութիւնը եւ սուրիահայութիւնը ամէնէն կարեւոր կորիզներն են արեւմտահայերէնի կենսունակութեան: Տօնապետեան եզրակացուց, որ արեւմտահայերէնը իր վճռական զանգուածը կ՛ապահովէ Միջին Արեւելքին շնորհիւ:
Տրուած ըլլալով, որ բարբառները եղած են աշխարհաբարի հիմքը, անդրադառնալով բարբառներու այժմու վիճակին, Տօնապետեան ըսաւ, թէ անոնք անդարձ նահանջի ենթակայ են, բացի հազուագիւտ բարբառներէ, որոնցմէ առաջինը Մուսա լերան բարբառն է, որ այսօր կը դասաւանդուի Այնճարի Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան վարժարանին մէջ: Արցախի բարբառի պարագան յատուկ ուշադրութեան արժանի է` տրուած ըլլալով, որ նախքան Արցախի անկախացումը, Արցախի բարբառը շատ աւելի որոշակի կը հնչէր, իսկ այսօր երիտասարդութիւնը քիչ թէ շատ կը քողարկէ այդ բարբառին հնչեղութիւնը:
Տօնապետեան սահմանեց «լեզու» եզրը` ըսելով, թէ վերջինս ճկուն եւ բարդ համակարգ մըն է, որ կը յարմարի ընկերային-քաղաքական պայմաններուն, որոնք կը պատասխանեն զայն գործածողներուն պահանջներուն, եւ այդ լեզուն ծնունդ կու տայ նոր բարբառներու: Տօնապետեան ընդգծեց լեզուի մը մշակութային եւ ազգային բնոյթները, հարցադրումներ կատարեց ոչ հայախօս հայերու մասին եւ զանոնք նմանցուց իսլամացած հայերու պարագային:
«Լեզու» եզրը սահմանելէ ետք, Տօնապետեան թուեց լեզուի մը կենսունակութեան պայմանները եւ սահմանեց անոր լաւագոյն վիճակը պատկերացնող խաւերը. բարբառ, խօսակցական, չէզոք եւ գրական:
Տօնապետեան վերջապէս անդրադարձաւ նահանջի հոգեբանութեան եւ անոր հետեւանքներուն` տրուած ըլլալով, որ լեզուն գործածողին հոգեբանութիւնը սերտօրէն կապուած է լեզուին կրած հետեւանքներուն հետ: Նահանջի հոգեբանութենէն մեկնելով հայոց լեզուի պահպանումը պատճառ կը դառնայ լեզուի կարծրացումին, հետեւաբար ան կը դադրի կենսունակ ըլլալէ եւ այլեւս չի պատասխաներ լեզուն գործածողին պահանջներուն: Իսկ արեւմտահայերէնը յստակօրէն կը ցոլացնէ սփիւռքահայու ինքնութիւնը եւ առիթ կ՛ընծայէ բաժնեկցելու մէկէ աւելի ինքնութիւն ունենալու, բազմամշակոյթ ինքնութիւն ունենալու եզակի փորձառութիւնը:
Լսարանին աւարտին առիթ տրուեցաւ լուսաբանական հարցումներ ուղղելու դոկտ. Անահիտ Տօնապետեանին:
Այս մասին կը յայատնէ Ազդակ: