Նախագահ Սերժ Սարգսեան Այսօր Ընդունած Է Արժանթինի Մէջ Ազգային Դրամատան Նախագահ Գառլոս Մելքոնեանը

Յունիս 22-ին Նախագահ Սերժ Սարգսեան այսօր ընդունած է Արժանթինի մէջ Ազգային դրամատան նախագահ Գառլոս Մելքոնեանը: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ը կը տեղեկանայ ՀՀ Նախագահի մամլոյ ծառայութենէն:

Սերժ Սարգսեան ողջունած է հիւրը մեր երկրին մէջ եւ հանդիպման պատեհ առիթով եւս մէկ անգամ շնորհաւորած անոր  Արժանթինի մէջ Ազգային դրամատան նախագահի պաշտօնին նշանակուելու կապակցութեամբ, մաղթած յաջողութիւններ այդ պատասխանատու պաշտօնին մէջ: Հանրապետութեան Նախագահը նշած է, որ Հայաստանի մէջ մշտապէս հպարտութեամբ եւ ուրախութեամբ կ’արձագանքեն արտերկիր ապրող մեր հայրենակիցներու` տարբեր բնագաւառներու մէջ ունեցած ձեռքբերումներուն, քանզի անոնց նուաճումները պատիւ ու բարի համբաւ կը բերեն համայն հայութեան` նպաստելով նաեւ երկկողմ միջպետական յարաբերութիւններու խորացման ու ամրապնդման: Հայ-արժանթինեան բարձր մակարդակի յարաբերութիւններու կայացման գործին մէջ, Նախագահի գնահատմամբ, նշանակալի է արժանթինահայ համայնքի ակնառու գործիչներու, ներառեալ` յայտնի գործարար Էդուարդօ Էռնէկեանի աւանդը: Սերժ Սարգսեան յոյս  յայտնած է, որ Արժանթինի Ազգային դրամատան նախագահի այցը իր նպաստը կը բերէ Հայաստանի եւ Արժանթինի դրամատնային համակարգերու միջեւ սերտ համագործակցութեան ծաւալման:

Զրուցակիցները մեծապէս կարեւոր համարած են նմանօրինակ այցելութիւնները, որոնք, անոնց համոզմամբ, նոր լիցք կը հաղորդեն երկկողմ յարաբերութիւններուն եւ լաւ հնարաւորութիւն կ’ընձեռեն քննարկելու միջպետական փոխգործակցութեան տարաբնոյթ հարցեր:

Գառլոս Մելքոնեան ՀՀ Նախագահին  փոխանցած է Արժանթինի Հանրապետութեան Նախագահ Մաուրիսիօ Մաքրիի ջերմ ողջոյններն ու հայ-արժանթինեան յարաբերութիւնները աւելի խորացնելու եւ ամրապնդելու անոր մեծ ցանկութիւնն ու պատրաստակամութիւնը:

Հանդիպման Հանրապետութեան Նախագահը բարձր գնահատած է Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման ու դատապարտման գործին մէջ Արժանթինի իշխանութիւններու եւ ժողովուրդի ծանրակշիռ աւանդը:

ՀՀ Նախագահը եւ Արժանթինի Ազգային դրամատան նախագահը Հայաստան-Արժանթին փոխգործակցութեան ծիրէն ներս առանձնակի կարեւոր համարած են առեւտրատնտեսական կապերու խորացումն ու աշխուժացումը: Անոնք համակարծիք եղած են, որ այդ հարցով զգալի դեր կրնայ ունենալ Արժանթինի Ազգային դրամատունը:

Գառլոս Մելքոնեան նշած է, որ Հայաստան այցելութիւնը իրեն համար  ոչ միայն կարեւոր է մասնագիտական եւ արարողակարգային տեսանկիւնէն, այլեւ այնչափ յուզական է` նկատի առնելով, որ այցելած է իր նախնիներու երկիր, ուրկէ անոնք անցեալ դարասկիզբին Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքով ապաստան գտած են հեռաւոր Արժանթինի մէջ: Արժանթինի Ազգային դրամատան նախագահը հպարտութեամբ  խօսած է իր երկրին մէջ բնակող հայերուն մասին, որոնք, անոր խօսքով, մեծ յարգանք եւ հեղինակութիւն կը վայելեն արժանթինեան հասարակութեան մէջ:

 

Scroll Up