Սամցխէ-Ջաւախքի Եւ Քուեմօ-Քարթլիի Հայկական Հասարակական Կազմակերպութիւններու Խորհուրդի Յայտարարութիւնը
Օրերս Վրաստանի ակադեմական շրջանակները հանդէս եկած են օրէնսդրական նախաձեռնութեամբ, որ կը վերաբերի Վրաստանի պետական լեզուի չափանիշներու խախտման պարագային տուգանքներու կիրառման: Նախաձեռնութեան արձագանքած է խորհրդարանի կրթութեան կոմիտէն, որմէ կարելի է եզրակացնել, որ վերջինս շուտով կ’ընդունուի խորհրդարանի կողմէ եւ կը ստանայ օրէնքի ուժ, որ կը տարածուի ինչպէս պետական հաստատութիւններու մէջ աշխատող անձանց, այնպէս ալ լրատուամիջոցներու, հասարակական-քաղաքական կազմակերպութիւններու եւ այլ շրջանակներու վրայ:
Յիշեցնենք, որ այս գործընթացքը իր դրսեւորումները ունեցած էր նաեւ 2012 թ. իշխանափոխութեան օրերուն, երբ Բ. Իւանիշուիլիի թիմակիցներու կողմէ յայտարարուեցաւ այսպէս կոչուած «Լեզուի ոստիկանութեան» ստեղծման մասին:
Ըստ այն հանգամանքին, որ Վրաստանի ամբողջական տարածաշրջանները բնակեցուած են ոչ վրացական ազգութիւններով, իսկ վրացական իշխանութիւնները մինչեւ օրս չեն ստորագրած կամ վաւերացուցած բնիկ ժողովուրդներուն եւ ազգային փոքրամասնութիւններու լեզուական իրաւունքներուն վերաբերող միջազգային փաստաթուղթերը, անոնց միանալու պարագային ալ երկրին մէջ չեն մշակուած եւ կիրառութեան մէջ դրուած համապատասխան օրէնքները, վերոնշեալ ողջ գործընթացքը իր անմիջական ազդեցութիւնն է գործելու Վրաստանի կազմին մէջ գտնուող շարք մը տարածաշրջաններու, մէջը ըլլալով` Սամցխէ-Ջաւախքի եւ
Քուեմօ-Քարթլիի հայահոծ շրջաններու հայութեան վրայ: Միջազգային պարտաւորութիւներու չկատարման, օրէնսդրական այսպիսի պայմաններու մէջ վրացական իշխանութիւններու այսպիսի քայլերը նշեալ հայահոծ տարածաշրջաններու մէջ տեղի կու տան նոր յուզումներու, կրկին կը մեծնայ վրացական իշխանութիւններու հանդէպ անվստահութիւնը, կը խորանայ
ջավախահայութեան մեկուսացումը պետական համակարգերէն:
Նշեալ եւ այլ բացասական գործընթացներէ խուսափելու համար Սամցխէ-Ջաւախքի եւ Քուեմօ-Քարթլիի հայկական հասարակական կազմակերպութիւններու խորհուրդը կը պահանջէ վրացական իշխանութիւններէն, որ վերջիններս զերծ մնան իրենց ծրագիրներու հանդէպ երկակի չափանիշներու կիրարկումէն եւ նման գործընթացներ սկսելու ծիրէն ներս շուտափոյթ կերպով ձեռնամուխ ըլլան խնդրոյ առարկայ
տարածաշրջանին մէջ հայերէնին տարածաշրջանային կարգավիճակ շնորհելուն: Անով նաեւ Վրաստանի նոր իշխանութիւնները կ’ապացուցեն, որ կը պահպանեն իրական ժողովրդավարութեան հաւատարիմ ըլլալու իրենց որդեգրած քաղաքական ուղեգիծն
ու անով իսկ կը տարբերին նախորդ իշխանութիւններէն:
Ի վերջոյ, ժամանակն է ընդունելու, որ բազմահազար ջաւախահայեր բնիկ ըլլալու հետ մէկտեղ նաեւ հարկատու են, ինչպէս երկրի բնիկ եւ հարկատու վրացիները, եւ ջաւախահայերը եւս իրաւունք ունին սեփական լեզուն կիրառելու վարչական օղակներու մէջ կամ պետական միջոցներով պաշտպանելու այն, ինչպէս կը փորձեն ներկայիս` պաշտպանել վրացերէնը: Այս է իրական ժողովրդավարութիւնը:
Սամցխէ-Ջաւախքի եւ Քուեմօ-Քարթլիի հայկական հասարակական կազմակերպութիւններու խորհուրդ
ք. Ախալքալաք
http://akhaltskha.net/