Հռոմի պապը Արարատ Լերան Ուղղութեամբ Աղաւնիներ Պիտի Արձակէ

Հռոմի պապի Հայաստան այցը կ՛ընդգծէ անոր ցանկութիւնը` ցոյց տալ իր մտերմութիւնը հայ ժողովուրդին, որ այդքան շատ տառապած է իր պատմութեան ընթացքին: Այս մասին լրագրողներուն յայտնած է Սուրբ աթոռի մամուլի գրասենեակի ղեկավար Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտին` խօսելով Հայաստան Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապի եռօրեայ այցին մասին։ Այս մասին կը յայտնէ Radio Vatican-ը:

Հայր Լոմպարտին նշած է, որ Հռոմի պապին այցը Հայաստան Կովկաս ուղեւորութեան առաջին մասն է: Ուղեւորութեան երկրորդ մասը տեղի պիտի ունենայ Սեպտեմբեր 30-Հոկտեմբեր 2, որուն ընթացքին ան պիտի այցելէ Ատրպէյճան եւ Վրաստան:

 Կայքը կը յիշեցնէ, որ 2015 թուականի Ապրիլին Վատիկան այցելած էր Գարեգին Բ կաթողիկոսը` Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակման նուիրուած պատարագին մասնակցելու համար:

Հայաստան այցելութեան ընթացքին Հռոմի պապը Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մէջ պիտի հանդիպի Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու ժառանգներուն հետ:

Հայր Լոմպարտին նաեւ նշած է, որ Հայաստան մեկնող լրագրողներուն մէջ է Եւանկելինա Հիմիթեանը` դեռ Պուէնոս Այրեսի արքեպիսկոպոս եղած տարիներուն Ֆրանչիսկոս պապի ընկեր հայ քահանայի դուստրը: Լրագրողի պապիկն ու տատիկն օսմանեան թուրքերուն կողմէ հայերու հետապնդումներու ականատես եղած են եւ փրկուած են թուրք գիւղացիներու օգնութեամբ, որոնք պաշտպանած են զիրենք:

Հայր Լոմպարտին նաեւ յայտնած է, որ իր այցելութեան ընթացքին Ֆրանչիսկոս պապը պիտի այցելէ Գիւմրի, ուր բացօթեայ պատարագ պիտի մատուցի, այնուհետեւ պիտի վերադառնայ Երեւան:

Այցելութեան վերջին օրը Պապը պիտի այցելէ Խոր Վիրապ, ուր աղաւնիներ պիտի ղրկէ Արարատ լերան ուղղութեամբ:

Scroll Up