Սերժ Թանկեան Իբրեւ Նկարիչ Պիտի Մասնակցի Երեւանի HassFest Փառատօնին

Երեւանի մէջ Յուլիս 4-9 պիտի կայանայ Ժամանակակից արուեստի եւ երաժշտութեան HassFest փառատօնը:
Փառատօնի ծիրէն ներս Երեւանի շարք մը թանգարաններուն եւ պատկերասրահներուն մէջ պիտի ներկայացուի հայ 12 նկարիչներու եւ արտերկրի 12 երգահաններու աշխատանքները, անոնց համագործակցութեամբ ստեղծուած լսատեսողական համադրութիւնը, տեղի պիտի ունենան համերգներ, կատարումներ եւ վարպետութեան դասեր:
Ինչպէս «Արմէնփրէս»-ը կը տեղեկացնէ՝ վկայակոչելով փառատօնի կազմակերպիչ Progressive Art գործակալութիւնը, HassFest 2016-ի հիմնական ծրագիրը պիտի ներկայացնէ 12 նկարիչներու եւ 12 երգահաններու համագործակցութեամբ ստեղծուած երաժշտական եւ գեղանկարչական ստեղծագործութիւնները: Զուգահեռաբար, արտերկրէն հրաւիրուած մեր յատուկ հիւրերը պիտի մասնակցին HassGuitar Fest կիթառային երաժշտութեան փառատօնին, որուն ծիրէն ներսի պիտի իրականացուին վարպետութեան դասեր, իսկ փառատօնային երեկոները պիտի ուղեկցուին կիթառային մենահամերգներով:
Փառատօնի պատուաւոր հիւրերու շարքին են Սերժ Թանկեանը` System Of A Down ռոք խումբի մենակատարը, որ փառատօնի ծիրէն ներս պիտի ներկայացնէ իր նկարչական աշխատանքները, ամերիկահայ նկարիչ Լիւսի Աբդալեանը Յուլիս 9-ին պիտի ներկայացնէ ստեղծագործական կատարում, Լոնտոն բնակող նկարիչ Թալին Թեմիզեանը, որուն գործիքները չեն սահմանափակուիր ներկերով եւ վրձինով, ան կ՛աշխատի լոյսի աղբիւրներով, լամպերով, ինչպէս նաեւ բրիտանական X. Y. անսամպլը, որ բացման արարողութեան յատուկ հիւրն է. անսամպլը պիտի կատարէ փառատօնի մասնակից 12 երգահաններուն` HassFest-ի ծիրէն ներս գրած ստեղծագործութիւնները:
HassFest փառատօնի ծիրէն ներս Հայաստան պիտի ժամանեն երգահաններ Միացեալ Նահանգներէն, Զուիցերիայէն, Չինաստանէն, Միացեալ թագաւորութենէն:
Հաղորդագրութեան մէջ նաեւ նշուած է. «HassFest փառատօնի նպատակն է միաւորել արուեստի տարբեր ճիւղեր` ծնունդ տալով հայ եւ այլազգի արուեստագէտներու համագործակցութեան: Արուեստներու համադրութիւն բերող այս փառատօնը նոր հորիզոններ կը բանայ հայաստանեան մշակութային միջավայրի զարգացման եւ ընդլայնման համար, ինչպէս նաեւ հնարաւորութիւն կու տայ հայ արուեստագէտներուն` դուրս գալու միջազգային ասպարէզ եւ իրենց ստեղծագործութիւնները հասանելի դարձնելու արուեստագէտներու առաւել լայն շրջանակներուն: Փառատօնը ամէնամեայ բնոյթ ունի, իւրաքանչիւր տարի անիկա Հայաստան պիտի բերէ արուեստի տարբեր ճիւղերու ներկայացուցիչներ»: