Աշոտ Ղուլեան Ընդունած Է Ամերիկայի Հայկական Համագումարի Պատուիրակութիւնը

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան Յունիս 21-ին ընդունած է Ամերիկայի հայկական համագումարի (ԱՀՀ) հոգաբարձուներու խորհուրդի համանախագահ Էնթընի Պարսամեանը եւ ԱՀՀ Երեւանեան գրասենեակի տարածաշրջանային տնօրէն Արփի Վարդանեանը:

Ինչպէս  կը տեղեկացնեն ԼՂՀ ազգային ժողովի լրատուական ծառայութենէն, ողջունելով հիւրերը` խորհրդարանի նախագահը բարձր գնահատած է Ամերիկայի հայկական համագումարի դերակատարութիւնը Միացեալ Նահանգներու մէջ հայկական շահերու պաշտպանութեան գործին մէջ, ինչպէս նաեւ կառոյցին կողմէ Արցախի հանդէպ ընդգծուած ուշադրութիւնը, որ կ’արտայայտուի անոր ղեկավարներու յաճախակի այցելութիւններով:Շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան համար` ԱՀՀ հոգաբարձուներու խորհուրդի համանախագահ Էնթընի Պարսամեան նշած  է, որ իր վերջին այցէն ետք  դրական տեղաշարժեր կը տեսնէ Արցախի մէջ:

Իր խօսքին մէջ Էնթընի Պարսամեան ընդգծած է, որ Ամերիկայի հայկական համագումարի գործունէութեան մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւէ  ղարաբաղեան հիմնահարցի լուծման վերաբերեալ Արցախի դիրքորոշումներն ու տեսակէտները ԱՄՆ պետական ու հասարակական շրջանակներուն ներկայացնելու խնդիրը:

Հանդիպման կողմերը անդրադարձած են նաեւ ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման հնարաւորութիւններուն, Արցախի միջազգային ճանաչման եւ տարածաշրջանային այլ խնդիրներուն:

Scroll Up