Հայաստանի Մէջ Ուսման Կրթական Ֆոնտի Յայտարարութիւնը Լիբանանահայ Աշակերտներուն

«Գագիկ Ծառուկեան» հիմնադրամին նախաձեռնութեամբ, քանի մը ամիսէ ի վեր ստեղծուած է կրթական յատուկ ֆոնտ մը, որ կը նպատակադրէ հիմնադրամին միջոցներով հոգալ տարեկան 20 աշակերտի Հայաստանի մէջ համալսարանական ուսման ծախսերը: Այս նպատակին համար, Ազգային առաջնորդարանի հովանաւորութեամբ, կազմուած է յատուկ յանձնախումբ մը, որ կը զբաղի թեկնածուներու պարագաներու քննութեամբ եւ զտումով:

Յանձնախումբին հրաւէրով, Ապրիլ 2016-ին, Լիբանան այցելեց եւ Հայաստանի մէջ համալսարանական ուսման կարելիութիւններուն մասին կրթական պատասխանատուներու եւ երկրորդականի աշակերտներու հետ հանդիպումներ ունեցաւ Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան արտաքին վարչութեան պետ Նունէ Վարդանեան:

Այնուհետեւ, յանձնախումբը մշակեց իր կանոնագրութիւնը եւ սկսաւ ընդունիլ Հայաստանի մէջ համալսարանական ուսման դիմումներ:

Թեկնածուներ կը նկատուին հայկական վարժարանէ մը շրջանաւարտ, Բ. Պաքալորէայի կամ համապատասխան վկայականի մը արժանացած եւ Հայաստանի մէջ պետական ճանաչում ունեցող համալսարանի մը կողմէ ընդունուած աշակերտները: Նկատի կ՛առնուին նաեւ համալսարանական իրենց բարձրագոյն ուսումը Հայաստանի մէջ շարունակել փափաքողներուն դիմումները:

Թեկնածութիւններու ներկայացման վերջին պայմանաժամն է 15 Յուլիս 2016-ը: Թեկնածուները պարտին անձամբ ներկայանալ Ազգային առաջնորդարան, Երկուշաբթիէն Ուրբաթ օրերը, առաւօտեան ժամը 9-12` ստանալու համար թեկնածութիւններու ներկայացման իրենց դիմումնագիրները:

Լրացուցիչ տեղեկութիւններու եւ յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար դիմել կրթական յանձնախումբի ե-նամակի հետեւեալ հասցէին` hayousfund@armprelacylb.org եւ կամ հեռաձայնել Ազգային առաջնորդարան:

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՈՒՍՄԱՆ
ԿՐԹԱԿԱՆ ՖՈՆՏ

Scroll Up