Առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, Կրօնական ժողովն ու Ազգային վարչութիւնը կը յայտարարեն, թէ Արամ Ա. կաթողիկոս յառաջիկայ Սեպտեմբեր 30էն Հոկտեմբեր 4, հայրապետական այցելութիւն մը պիտի շնորհէ Արեւմտեան թեմին, վեհափառի գահակալութեան 20րդ տարեդարձի տօնախմբութեանց անձամբ նախագահելու համար։
Վեհափառ հայրապետի այցելութեան շաբաթավերջին նկատի առնուած են շարք մը արարողութիւններ ու ձեռնարկներ, որոնցմէ գլխաւորներն են՝ Հայրապետական Ս. պատարագ, համաժողովրդային հանդիսութիւն՝ կաթողիկոսի գահակալութեան 20րդ տարեդարձին նուիրուած, եւ հանգանակային ճաշկերոյթ ի նպաստ վեհափառի գահակալութեան 20ամեակին առիթով ստեղծուած «Արամ Ա. Կաթողիկոսի Հիմնադրամ»ին:
«Այս բոլորը կը յանձնենք մեր ժողովուրդի ազնիւ ուշադրութեան, այժմէն իսկ միասնաբար պատրաստուելու համար վեհափառ հայրապետի օրհնաբեր այցելութիւնը ընդունելու եւ տօնախմբելու: Յաւելեալ մանրամասնութիւններ կը հաղորդենք հետագային», նշուած է Ազգ. առաջնորդարանի դիւանին յղած հաղորդագրութեան մէջ:
Այս ամսին կը յայտնէ Ասպարէզ: