Սուրէն Խանամիրեան Ազգային Քոլեճի Մանկապարտէզի 2015-2016 Տարեշրջանի Շրջանաւարտ Հունձքի Ամավերջի Հանդէսը

Սուրէն Խանամիրեան ազգային քոլեճի մանկապարտէզի 2015-2016 տարեշրջանի շրջանաւարտ հունձքի ամավերջի հանդէսն էր: Բեմին վրայ յաղթական կանգնած են փոքրիկ շրջանաւարտները: Դեռ քանի մը տարի առաջ թաց աչքերով դպրոց մուտք գործած բողբոջները ծաղկած են հիմա ու պատրաստ են շարունակելու իրենց կրթական ուսումնական վերելքը ինքնավստահ ու սիրով:

Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի հովանաւորած եւ Միրէյ Խանամիրեանի նախագահած ամավերջի ու վկայականաց բաշխման հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 4 յունիս 2016, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, դպրոցի սրահին մէջ:

Հանդիսութիւնը սկսաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութեամբ, ապա Ծաղիկ դասարանի աշակերտները ներկայացուցին «Փոքրիկ արուեստագէտներ» խորագիրը կրող թատերական ներկայացումը: Անոնք բեմական իւրայատուկ ճկունութեամբ յայտնեցին  հանդիսատեսին մարզանքի, արուեստի, գիտութեան, կրթութեան ու մանաւանդ ազգային արժէքներով մեծնալու կարեւորութեան մասին:

Թատրոնին ընթացքին հանդէս եկան նաեւ մանկապարտէզի Բողբոջ ու Կոկոն դասարաններու, ինչպէս նաեւ Ա. կարգի աշակերտները, որոնք ներկայացուցին հայկական, արաբական եւ եւրոպական  պարեր: Մանկապարտէզի աշակերտները մեկնաբանեցին նաեւ հայերէն, արաբերէն եւ անգլերէն երգերու գեղեցիկ փունջ մը: Ուշագրաւ էր փակման պարը, երբ փոքրիկները հերթաբար եռագոյններով մտան բեմ ու յորդող բերկրանքով լեցուցին հանդիսատեսներու հոգիները:

Մանկապարտէզի աշակերտները կարկաչ ձայնով ու անմեղ ժպիտով բարի տրամադրութիւն ստեղծելով` գրաւեցին հանդիսատեսը եւ թոյլ տուին բոլորին անսպառ ժպտիլ, ուրախ ըլլալ ու մանաւանդ հասկնալ, որ տրուած երջանկութիւնն ու խանդավառութիւնը կը ներշնչեն մեծ յոյսեր ու երանելի պահեր:

Գեղարուեստական յայտագիրի աւարտին խօսք առաւ դպրոցի տնօրէն Նելլի Վէքիլեան: Ան իր գոհունակութիւնը եւ ուրախութիւնը յայտնեց` տեսնելով ամէն տարի նորութիւններով հրապարակ եկող եւ արդիական պահանջները գոհացնող, հանգիստ ու նորագոյն պայմաններով կրթութիւն փոխանցող Խանամիրեան կրթօճախը իր պայծառութիւնը ու Լիբանանի մէջ իր իւրայատուկ տեղը կը գրաւէ:

Ն. Վէքիլեան իր խօսքին մէջ նշեց, թէ պարտէզին ծիլերը ծաղիկի վերածելու եւ զանոնք իբրեւ փունջ նախակրթարան փոխանցելու աշխատանքը չ՛իրականանար առանց ծնողք, դպրոց եւ բարեկամներ հաւաքական ճիգին, ապա հաստատեց, որ այդ ճիգը պիտի շարունակուի, որպէսզի կարելի ըլլայ աւելի փայլուն արդիւնքներ ձեռք բերել: Իր խօսքի աւարտին տնօրէնուհին  շնորհակալութիւն յայտնեց` դպրոցի ուսուցիչներուն, խնամակալութեան, ծնողաց յանձնախումբին, շրջանաւարտից միութեան, պաշտօնէութեան, անհատ բարերարներուն, այն միութիւններուն ու կազմակերպութիւններուն, որոնք ընդառաջած են դպրոցին եւ նիւթապէս ու բարոյապէս զօրակցած ու նեցուկ կանգնած են: Ան երախտագիտութեան խօսք ուղղեց նաեւ Լիբանանի թեմի բարեջան առաջնորդին, Ազգային իշխանութեան եւ բարերարին ` Միրէյ Խանամիրեանին:

Վերջապէս հասաւ վկայականաց բաշխման խորհրդանշական պահը: Հանդիսաւոր երաժշտութեամբ եւ ծափահարութիւններով փոքրիկ շրջանաւարտները մուտք գործեցին սրահ, ապա հաստատ քայլերով բարձրացան ու իրենց տեղը գրաւեցին բեմին վրայ, ապա իրենց մանկապարտէզի վկայականը ստացան ձեռամբ տնօրէնուհի Նելլի Վէքիլեանի եւ Շնորհք վրդ. Աշըգեանի եւ մանկապարտիզպանուհի Լիզա Բրինձեանի:

Այս առիթով սրտի խօսք արտասանեց Շնորհք վրդ. Աշըգեան: Ան ըսաւ, թէ հայ դպրոցին տուած ոգին չի նմանիր ընտանեկան, ընկերային կամ կազմակերպչական որեւէ հաստատութեան տուած ոգիին, հայ դպրոցի տուած ոգին կը կերտէ իւրաքանչիւր հայու նկարագիրը, կը կերտէ հայու ինքնութիւնը, կեանքին մէջ վառ կը պահէ հայ մշակոյթը, հայ լեզուն եւ հայ երգը: Ապա իր խօսքի աւարտին շնորհակալութեան եւ երախտագիտութեան խօսքեր ուղղեց դպրոցի տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին, որոնք իրենք զիրենք զրկելով ամէն տեսակի հաճոյքներէ` ճիգ չեն խնայեր իրենց շունչէն տալու մանուկներուն. հայր սուրբը շնորհաւորեց նաեւ  ծնողները, ապա խօսքը ուղղելով շրջանաւարտներուն` ըսաւ. «Միշտ հպարտ եղէք հայ դպրոցով, ուսուցիչներուն աշխատանքը արժեւորեցէք եւ հայ ազգին պատիւ բերէք»:

Յայտնենք, որ մանկապարտէզի շրջանաւարտներն են` Գասեմճեան Սթեֆանի, Եագուպ Բեկոր, Յովսէփեան Սելլա, Շեմիյէ Ճոն, Տէր Սարգիսեան Նարէ:

Այս մասին կը յայտնէ Ազդակ:

Scroll Up