Հեռակապով Մասնակցութիւն Հոլանտայի Հայկական Կրթական «Հարթակի» Ձեռնարկին

Յունիս 19-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան աշխատակիցները եւ Հոլանտայի հայկական դպրոցներուն հետ քոյրացած Երեւանի` Կաթողիկոս Վազգէն առաջինի անուան թիւ 168 դպրոցի տնօրէն Սոնա Գալստեան, Խաչատուր Աբովեանի անուան թիւ 2 դպրոցի տնօրէն Իռէն Յակոբեան, Ֆրիտեօֆ Նանսենի անուան թիւ 150 դպրոցի ուսմասվար Նարինէ Փարսայեան հեռակապով մասնակցեցան Հոլանտայի հայկական կրթական  «Հարթակ» միութեան ձեռնարկին:

Մասնակիցները դիտեցին Նայմեխէնի ՄՀՀ միութեան սրահին մէջ կազմակերպուած Հոլանտայի հայկական  դպրոցներու տարեվերջեան ձեռնարկը, որ նուիրուած էր Հայրենիքին եւ կրթական «Հարթակի» 6-ամեակին: Ձեռնարկին կը մասնակցէին Հոլանտայի մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Հոգեշնորհ հայր Առէն վարդապետ Շահինեան եւ Հոլանտայի մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ձիւնիկ Աղաջանեան, համայնքի ներկայացուցիչներ, ծնողներ, աշակերտներ:

Տեսակապին միացաւ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան: Ողջունելով ներկաները` նախարարը շնորհաւորեց «Հարթակի» դպրոցներու աշակերտները, ծնողներն ու մանկավարժները ուսումնական տարին յաջողութեամբ աւարտելու առիթով եւ կարեւոր համարեց օտար երկրի մէջ մայրենի լեզուի ու մշակոյթի պահպանութիւնը: Տիկին Յակոբեան արտայայտեց նաեւ իր ոգեւորութիւնը, որ «Հարթակի» 3 դպրոցներ Հայաստանի մէջ ունին իրենց քոյր դպրոցները, որոնք համատեղ կ’իրականացնեն փոխօգնութեան ու համագործակցութեան ծրագիրներ:

Կրթական «Հարթակը» հիմնադրուած է 2010-2011 ուսումնական տարուան Սուետա Աբրահամեանի նախաձեռնութեամբ: Կառոյցին նպատակն է հայ երեխաներու կրթութիւնը աւելի բարձր որակով կազմակերպելն ու միասնական ծրագիրով առաջնորդուիլը: Կրթական «Հարթակ»-ին մէջ ընդգրկուած են Նայմեխէնի «Վան» դպրոցը (տնօրէն` Սուետա Աբրահամեան), Ալմելոյի Հայ առաքելական եկեղեցւոյ «Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց» դպրոցը (տնօրէն` Մանուկ Մկրտչեան), Ասսէնի կիրակնօրեայ դպրոցը (տնօրէն` ­Նիքոլա Ռոմաշուկ), Մաստրիխտի դպրոցը (տնօրէն` Արտակ Մանուկեան), Վեսթերֆորտի «Նոր Այգ» Հայ տիկնանց միութեան դպրոցը (տնօրէն` Ալիս Թովմասեան):

Աւարտին ձեռնարկին վերաբերեալ իրենց տպաւորութիւններով ու զգացողութիւններով կիսուեցան ՀՀ դեսպան տիկին Ձիւնիկ Աղաջանեանը, Առէն վարդապետ Շահինեանը, երեւանեան քոյր դպրոցներու ղեկավարները` պատրաստակամութիւն յայտնեցին աջակցելու Հոլանտայի հայկական դպրոցներու հայապահպան գործունէութեան եւ առաւել արդիւնաւէտ համագործակցութեան:

Scroll Up