Երաժշտական Երեկոյ` Կատարողութեամբ Համազգայինի Կիթառահարներու Համոյթին Եւ Սենեկային Նուագախումբին

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան, կատարողութեամբ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճին երէկ` կիրակի, 19 յունիս 2016-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Ժտէյտէի քաղաքապետարանի սրահին մէջ, ներկայութեամբ մեծ թիւով երաժշտասէրներու տեղի ունեցաւ երաժշտական երեկոյ մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին կիթառահարներու համոյթը` գեղարուեստական ղեկավար Մկրտիչ Միքայէլեան, եւ սենեկային նուագախումբը` գեղարուեստական ղեկավար Կարօ Աւէսեան:

Յայտագիրի առաջին բաժինով կիթառահարներու համոյթը յաջորդաբար նուագեց Կապրիէլ Ֆորէի «Փաւան»-ը, Ֆրանսիսքօ Թարրեկայի «Մազուրքա»-ն, Մաթէօ Քարքասիի «Ալլեկրօ»-ն, «Լարկօ»-ն եւ «Անտանթինօ»-ն, Մինոս Ժըրէի «Քաթարեթ»-ը, Մալոս Նորտեսթի «Խոթա»-ն, Սիւզան Մքտոնալտի «Թեն թեն փայ»-ը եւ «Երեք հրացանակիրներ»-ը, ինչպէս նաեւ Մալոս Ռոտրիկեզի «Լա Քումփարսիթա»-ն` արժանանալով ներկաներուն բարձր գնահատանքին:

Երկրորդ բաժինով սենեկային նուագախումբը  ներկայացուց «Ազգային օրհներգ»-ը, որմէ ետք յաջորդաբար հնչեցին Արամ Խաչատուրեանի «Գարուն Երեւան»-ը, Ֆրանց Շուպերթի «Սերենատ»-ը, Տիգրան Մանսուրեանի «Կտոր մը երկինք»-ը: Մեծապէս գնահատելի էր Վիթթորիօ Մոնթիի «Չարտաշ»-ը, մենակատարութեամբ` Մարինէ Հալաճեանի, որմէ ետք նուագախումբը նուագեց Կոմիտասի «Հաբըրբան»-ը, Ժաք Օֆընպախի «Քան քան»-ը եւ Տմիթրի Շոստաքովիչի «Վալս»-ը: Աւարտին, ընդառաջելով ծափահարութիւններուն, նուագախումբը կրկին նուագեց «Քան քան»-ը եւ «Հաբըրբան»-ը:

Այս մասին կը յայտնէ Ազդակ:

Scroll Up