Իմ Աջակցութիւնս Հայոց Բանակին` Մէկ Կաթիլ է Ծովին ՄԷջ. Ռուբիկ Գալստեան

Կը ներկայացնենք «Հայերն այսօր»- ի հարցազրոյցը գործարար, բարերար, Եւրոպայի ԵԿՄ նախագահ Ռուբիկ Գալստանեանի հետ, որուն կեանքի հիմնական նպատակը հայրենիքն ու Հայոց բանակը ծառայելն է.

– Ծնած եմ 20-րդ դարու առաջին կէսերուն` Թեհրան, շատ հետաքրքիր, սիրոյ հիմքի վրայ խարսխուած ընտանիքի մէջ: Իմ կեանքիս հիմնական կրթութիւնը, դաստիարակութիւնը ստացած եմ ծնողներէս:

Մինչեւ 13 տարեկան` յաճախած եմ Թեհրանի հայկական դպրոցը, միջավայր, որ նոյնպէս կարեւոր դերակատարութիւն  ունեցած է իմ կեանքիս մէջ: Այն կրթութեան համար, որ ստացած եմ Իրանի մէջ, պարտական եմ իմ ուսուցիչներուս, դպրոցիս, եկեղեցւոյ եւ ՀՅԴ կուսակցութեան: Իրանի, եւ Սփիւռքի մէջ առհասարակ, մեծ դերակատարութիւն ունին աւանդական կուսակցութիւնները, որոնք ամէն պարագայի կ’ուղեկցին ժողովուրդին:

Անցեալ տարի ես Երեւանի մէջ բախտ ունեցայ հանդիպելու իմ դպրոցի տնօրէն` պարոն Եսայեանին, եւ 45 տարի յետոյ` իմ շնորհակալութիւններս յայտնելու: Այն քանի մը ժամը, որ միասին անցուցինք, շատ երջանիկ պահեր էին: Ես մինչեւ հիմա  աշխարհի տարբեր երկիրներու` Շուէտի, Աւստրալիոյ, Ամերիկայի մէջ, կը փնտրեմ իմ ուսուցիչներս: Անոնք այն մարդիկն են, որոնցմէ իւրաքանչիւրը մեր երակներուն մէջ ներարկած է հայկական դաստիարակութիւնը, հայ ըլլալու հպարտութիւնը, հայու պահանջներուն տէր դառնալու ձգտումն ու առաքելութիւնը:

Մանկութիւնս ու պատանեկութեան մէկ մասը անպրած եմ Իրանի մէջ: 70-ական թուականներուն մեր ընտանիքը տեղափոխուեցաւ Հայաստան:

Ինչպէ՞ս ընթացաւ Ձեր կեանքը Հայաստանի մէջ:

– Մեր վերադարձը հայրենիք` միայն մէկ պատճառ ունէր: Իմ ծնողներս իրենց հայրերէն, պապերէն ստացած են այն դաստիարակութիւնը, որ ճիշդ է` կ’ապրինք Իրան, բայց  օր մը պէտք է վերադառնանք Հայաստան: Դժբախտաբար, այդ օրը տեւեց շուրջ 400 տարի:

Իրան հայրս բաւականին ճանչցուած մարդ էր` իր աշխատանքով, վաստակով: Բայց այդ ամէնը անոր համար ոչինչ էր: Մենք վերադարձանք, եւ միանգամէն իմ կեանքս փոխուեցաւ: Ձգեցի մանկութիւնս Իրանի մէջ եւ եկայ այստեղ` որպէս պատանի: Մենք հաստատուեցանք Կիրովականի մէջ (ներկայիս` Վանաձոր-հեղ.), ատիկա հօրս ընտրութիւնն էր: Ճիշդ է, յետոյ անոր Երեւանի մէջ բնակարան յատկացուցին, ու մեր ընտանիքը տեղափոխուեցաւ: Ես մնացի Կիրովական, շարունակեցի ուսումս, աւարտեցի դպրոցը:

Առաջին մասնագիտութեամբ` խմբավար եմ: 9-րդ դասարանէն կը յաճախէի եւ՛ դպրոց, եւ՛ երաժշտական ուսումնարան: Դպրոցն ու ուսումնարանը աւարտելէ յետոյ` 2 տարի սորվեցայ Երաժշտանոցին մէջ: Այդ ընթացքին ամուսնացայ եւ փոխեցի մասնագիտութիւնս: Ընդունուեցայ Լենինականի (ներկայիս` Գիւմրի-հեղ.) փոլիտեքնիքական ինստիտուտ, դարձայ հագուստի մասնագէտ, որ յետագային օգնեց ինծի օգտակար ըլլալու Հայոց բանակին:

Երկու երեխաներս ծնան Կիրովական: Կնոջս` Զոյային հետ նոյն դասարանը եղած ենք: Ան մեր դասարանի աւագն էր, գերազանցիկ էր եւ շատ խիստ: 25-ամեայ դպրոցի պատմութեան մէջ ան միակ Ոսկէ մետալակիրն էր: 21 տարեկան էինք, երբ ամուսնացանք: Այդ ընթացքին հասցուցի ընդունուիլ նաեւ ԵՊՀ արեւելագիտութեան բաժանմունք եւ ստանալ բանասէրի որակաւորում:

Իմ եւ Զոյայի ընտանիքը, ինչպէս եւ ծնողներուս, սիրոյ հիման վրայ  ստեղծուած է: 22 տարեկան էինք, երբ մեր առջինեկը` Նաիրին ծնաւ: Տարիներ  անցած են, բայց մենք մինչեւ հիմա ալ կը շարունակենք ընկերութիւն ընել իրարու հետ: Յաճախ կը մոռնանք, որ ամուսիններ ենք (կատակելով-հեղ.): Մեր կեանքին մեծ մասը միասին անցուցած ենք, մենք ունինք ընդհանուր անցեալ, յիշողութիւններ: Մեր բոլոր ընկերները ընդհանուր ընկերներ են:

Հայաստան ապրելով 20 տարի` ճակատագիրի թելադրանքով 1987 թուականին տեղափոխուեցանք Ֆրանսա: Սկսաւ հայրենիքէն դուրս ապրելու իմ «երկրորդ» կեանքս: Ինծի յաճախ կը հարցնեն, թէ ուր կ’ապրիմ, միշտ կը պատասխանեմ. «կը բնակիմ Փարիզ, բայց կ’ապրիմ Հայաստան»:

Ճակատագիրի բերումով մենք միշտ ապրեցանք կարօտով, հայրենիք ունենալու կարօտով, որ չեմ ցանկար, որ մեր զաւակները ապրին: Հիմա մենք հայրենիք ունինք, որ ամենաթանկն է այսօր իւրաքանչիւր հայու համար: Անկախ անկէ, թէ որ երկրի մէջ կ’ապրինք, հայու միակ յոյսը Հայաստանն է: Սփիւռքի մէջ բոլորը կ’ապրին, կը շնչեն Հայաստանով, կ’աղօթեն Հայաստանի համար եւ աշխարհին կը նային`  հայերէն:

Պարո՛ն Գալստանեան, կը ցանկայի, որ խօսէիք Արցախի բանակին Ձեր ցուցաբերած աջակցութեան մասին:

– Իմ աջակցութիւնս Հայոց բանակին` մէկ կաթիլ է ծովի մէջ: Յետպատերազմեան տարիներուն` կրցայ իմ մասնագիտութեամբ օգտակար ըլլալ Արցախին, Հայոց բանակին:

Ես կը զբաղիմ միջազգային առեւտուրով, արտահագուստ կ’արտադրենք: Հիմնական տեղ կը զբաղեցնէ զինուորական, ոստիկանական, որսորդական արտահագուստը:

90-ականներուն առիթ ունեցայ համագործակցելու Արցախի այդ ժամանակուան իշխանութիւններուն հետ: Արցախի մէջ պէտք է կայանար առաջին շքերթը, իսկ մեր զինուորները հագուստ չունէին: Երեք ամսուան մէջ կրցանք այդ հագուստը պատրաստել եւ մեծ ջանքերու շնորհիւ` բերել Արցախ: Բոլորդ կը յիշէք, թէ ինչ  ժամանակներ էին: Մեծ խիզախութիւն էր այդ ժամանակ արտասահմանէն մեծ քանակութեամբ բեռ բերել Արցախ, բայց մենք յաջողեցանք:

Այդ շքերթէն ետք դեռ  քանի մը տարի Արցախի բանակին ես  հագուստ կը մատակարարէի: Յետոյ խօսեցայ Արցախի այդ ժամանակի պաշտպանութեան նախարարին հետ եւ կարի արտադրամաս հիմնեցի Արցախի մէջ: Գնեցի կարի հին գործարան, համալրեցի ժամանակակից հաստոցներով ու սկսանք զինուորական հագուստ կարել: Մինչեւ հիմա կ’աշխատի գործարանը ու կը ծառայէ իր նպատակին:

Հիմնական նպատակն էր, որ դրամը մնայ երկրին մէջ, մարդիկ աշխատանք ունենան: Տարիներու հեռուէն նայելով այդ ամէնուն` կը մտածեմ, որ ճիշդ որոշում էր:

Իսկ իմ կապս Արցախի հետ, չխզուեցաւ: Այդ տարիներուն Ֆրանսայի մէջ Արցախի ներկայացուցչութիւն կը գործէր եւ ես դարձայ Արցախի ներկայացուցիչը Ֆրանսայի մէջ: Ինծի շնորհեցին նաեւ գնդապետի կոչում, որուն համար շատ շնորհակալ եմ: 2000 թուականին արդէն ՀՀ պաշտպանութեան նախարար, այսօրուան Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան զիս նկատեց եւ ես դարձայ Եւրոպայի մէջ Հայոց բանակի ներկայացուցիչը:

Շատ շնորհակալ եմ Աստուծոյ, ճակատագրին, որ կրցայ եւ կրնամ օգտակար ըլլալ իմ հայրենիքիս:

Պարո՛ն Գալստանեան, Դուք նշեցիք, որ թէեւ հայրենիքէն հեռու, բայց հայկականութեամբ լի ընտանիքի մէջ  մեծցած էք: Կրցա՞ծ էք այդ ամէնը փոխանցել Ձեր զաւակներուն:

– Իմ երեք որդիներս` Նաիրին, Զօրին եւ Դաւիթը, հայկական դաստիարակութիւն  ստացած են, իսկական հայ մեծցած: Ոչ միայն կը խօսին հայերէն, այլ նաեւ ապրելով տարբեր երկիրներ` կը պահեն իրենց հայկականութիւնը: Դաւիթը` տասնմէկ, իսկ Զօրին` ինը տարեկան էր, երբ տեղափոխուեցանք Ֆրանսա: Փոքրս` Դաւիթը, Ֆրանսա ծնած է:

Աւագս` Նաիրին, շատ հետաքրքիր խառնուածք ունեցող անձնաւորութիւն է, 7 լեզու գիտէ: Առաջին մասնագիտութեամբ ճարտարապետ է: Երկու տարի ուսանելէ ետք` ըսաւ. «Ասիկա  իմ գործս չէ, եւ ես կ’ուզեմ դառնալ փիլիսոփա»: Շարունակեց այդ մասնագիտութեամբ: Նաիրին միաժամանակ դաշնակահար է, երգահան: Ճակատագրի բերումով  օր մը առիթ ունեցանք մեր տունին մէջ հիւրընկալելու մեծ հայուն` Տիգրան Մանսուրեանին: Երբ ան լսեց Նաիրիի նուագը, շատ հաւնեցաւ: Նաիրին նուագեց նաեւ Տիգրան Մանսուրեանի ստեղծագործութիւններէն: Երբ վերջացուց, մայեսթրոն ըսաւ. «Այդ ստեղծագործութիւնը դու քոնն ես դարձրել»:

Եթէ աշխարհի մէջ Փարաջանովի ստեղծագործութիւններու  քանի մը գիտակ կայ` մէկը Նաիրին է: Ան յօդուածներ ունի Փարաջանովի մասին, միաժամանակ դասախօսութիւններ կը կարդայ եւ կը ներկայացնէ Փարաջանովի ֆիլմերը:

Նաիրին ամուսնացած է երգչուհի, սոփրանօ Լուսինէ Լեւոնիի (Մկրտչեան) հետ եւ պարգեւած է զիս  հրաշք թոռնիկ մը` Երուանդ անունով, որ իմ կեանքս է այսօր:

Միւս տղաս` Զօրին, բժիշկ է: Ի դէպ, անոր այդպէս կ’անուանենք ի պատիւ գրող, հասարակական եւ քաղաքական գործիչ Զօրի Բալայեանի, որուն ես եւ կինս շատ կը սիրենք: Զօրին աշխատանքի բերումով վերջերս տեղափոխուած է Գանատա: Բայց ատիկա չի խանգարեր, որ միշտ հայկական շրջանակի մէջ մնայ:

Փոքր տղաս` Դաւիթը,  կը ցանկար իրաւաբան դառնալ: Երկու տարի ուսանեցաւ, բայց կիսատ ձգեց ուսումը եւ նոր մասնագիտութիւն ձեռք բերաւ: Ան ձայնային ինժեներ է: Կ’ապրի եւ կ’աշխատի Ֆրանսայի մէջ: Ան ծնած է Ֆրանսա, բայց դարձեալ շատ վարժ հայերէն կը խօսի: Նոյնիսկ ընկերները կը կատակեն` թէ Դաւիթը Լոռուայ բարբառով կը խօսի: Կը յիշեմ, երբ նոր  մանկապարտէզ կ’երթար, կը վերադառնար տուն ու կը սկսէր իր խաղալիքներով խաղալ, որոնց հետ ֆրանսերէն կը խօսէր: Սակայն եղբայրները արգիլեցին անոր անգամ խաղալիքներուն հետ ֆրանսերէն խօսելու:

Երեք թոռնիկ ունիմ` Էլինա, Երուանդ, Զոյա-Ալիսիա: Անոնք բոլորն ալ հայերէն կը խօսին: Գիտէք, օտար լեզուներ սորվիլ դեռ կը հասցնեն, բայց եթէ հայերէն չխօսին` յետոյ շատ դժուար կ’ըլլայ:

Ես Իրան  մեծցած եմ, բայց երբեք չեմ տեսած, որ երկու պարսկահայ իրար հետ պարսկերէն խօսին: Այս աւանդոյթը կը շարունակուի նաեւ մեր ընտանիքէն ներս:

Պարո՛ն Գալստանեան, ինչով կը ցանկաք եզրափակել մեր զրոյցը:

– 21-րդ դարուն ապրող հայ քաղաքացիին համար ճանապարհը մէկ է` միաւորուիլ, կազմակերպուիլ: Ես կը ցանկամ, որ հայ մարդը, աշխարհի որ երկրին մէջ ալ ապրի` կապուած ըլլայ Հայաստանին:

Ես կարեւոր կը համարեմ նաեւ Սփիւռքի նախարարութեան գոյութիւնը, նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի կատարած աշխատանքը: Իւրաքանչիւր սփիւռքահայ կրնայ զինք  յուզող հարցերով դիմել նախարարութիւն եւ ստանալ իր հարցերուն պատասխանը:

Կը ցանկամ, որ իւրաքանչիւր հայ գիտակցի, որ ինքը իր հայրենիքին տէրն է: Ամէն մարդ երկրապահ է, ինչպէս եւ` ես, եւ թող միշտ ըլլայ  իր երկրի պահապանը:

Զրուցեց Լուսինէ Աբրահամեան

 

Scroll Up