ՀՕՄի «Անահիտ» Մասնաճիւղի Շաբաթօրեայ Դպրոցի Ամավերջի Հանդէս

Տօնական օրուան մը համահաւասար երեկոյ էր այդ օրը՝ Ուրբաթ, Յունիս 10, 2016ը: Խումբ մը ՀՕՄուհիներով գացած էինք Ֆերահեան Ազգային վարժարանի «Աւետիսեան» սրահ, վայելելու համար ՀՕՄի «Անահիտ» մասնաճիւղի շաբաթօրեայ դպրոցի ամերիկահայ երեխաներու ամավերջի հանդէսը:
Ներկայ էին շրջանի հոգեւոր հովիւ Ռազմիկ Ա. քհնյ. Խաչատուրեան, ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչը, խնամակալ մարմինի ներկայացուցիչը, ՀՕՄի «Անահիտ» մասնաճիւղի լրիւ կազմը, ծնողներ եւ հիւրեր:
Դպրոց հասանք ժամանակէն քիչ մը առաջ. բեմին վրայ ականատես եղանք տարբեր տարիքի՝ մանկապարտէզէն մինչեւ 5րդ դասարանի աշակերտներու, որոնք տեղի ունենալիք հանդէսին վերջին յիշեցումները կը կատարէին: Միշտ հաճոյքով դիտած եմ դպրոցական հանդէսները, ո՛ր տարիքի ալ ըլլան անոնք, միա՛յն թէ հայկական ըլլան: Ուսուցչական երկար տարիներս կը յիշեցնեն անոնք եւ սիրտս յուզումով կը լեցնեն:
Ընդհանուր աշակերտութեան կատարումով ամերիկեան ու հայկական քայլերգները առաջին վայրկեանէն տպաւորեցին զիս, մանաւանդ՝ ամերիկեան դժուար քայլերգը հայ մատղաշ երեխաներու բերանէն լսելը այնքա՛ն յաջող կերպով, զարմացուց եւ միաժամանակ հպարտանքով լեցուց էութիւնս:
Քայլերգներուն յաջորդեց Ռազմիկ քահանայ հօր օրհնութեան աղօթքը, որմէ ետք բացման խօսքը՝ Շուշիկ Առաքելեանի կողմէ:
Յայտագիրը շատ հարուստ էր իր բազմազանութեամբ: Մանկապարտէզի փոքրերու բերանէն որքա՛ն քնքոյշ էին «Այբուբեն», «Մենք Դպրոց Կ՛երթանք», «Մեծացել Եմ», «Մայրենի Լեզու» խմբերգներն ու արտասանութիւնները:
Ա. եւ Բ. կարգի աշակերտները, իրենց տարիքին համեմատ՝ մայրիկներուն, հայրենիքին եւ հայ լեզուին նուիրուած արտասանութիւններով ճոխացուցին յայտագիրը, իսկ Գ. Դ. եւ Ե.ի աշակերտները իրենց երգերով ու արտասանութիւններով, մանաւանդ «Եթէ Կարենաս» եւ «Պատգամ Սփիւռքահայութեան» ասմունքներով, փաստեցին, որ այդ շաբաթօրեայ վարժարանը, զոր կը յաճախեն իրենք, շաբաթը մէկ անգամ, քանի մը ժամով, տուած է իրենց ակնկալուածէն շա՛տ աւելին։
Յայտագիրին մէջ հաճելի էին հայկական պարերու ընկերակցութեամբ երգերը՝ պատրաստուած օրիորդ Արաքսիայի եւ Արմինէ Խաչատուրեանի կողմէ, որոնք հայաշունչ կենդանութիւն բերին հանդէսին: Ունկնդրեցինք նաեւ Էմըլի Բրուտեանի դաշնակի յաջող կատարողութիւնը:
Վարժարանը այս տարեշրջանին ունէր մէկ շրջանաւարտ՝ Արման Թարխանեան, որ երբ դպրոց սկսած էր յաճախելու երեք տարի առաջ, անգլիախօս էր եւ այբուբենին անծանօթ: Արմանը վկայուեցաւ, կրնամ ըսել՝ հայերէնին տիրապետած, եւ իր գրած աւարտականի սրտի խօսքով, բոլորիս աչքերը հպարտութեան արցունքով լեցուց:
Յաջորդաբար խօսք առաւ վարժարանի երկարամեայ տնօրէնուհի Աշխէն Փափազեան, որ բծախնդրօրէն տարուած աշխատանքներուն տեղեկագիրը ներկայացուց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՕՄի «Անահիտ» մասնաճիւղի վարչութեան, ամբողջ տարուան ընթացքին սիրտով եւ հոգիով իրեն հետ աշխատող ուսուցչուհիներուն եւ ծնողներուն, որոնք մեծ զոհողութիւններով, ամէն շաբաթ իրենց առօրեայ հոգերը մոռցած՝ կը հետեւին իրենց զաւակներու հայեցի դաստիարակութեան:
Խօսք առաւ նաեւ ՀՕՄի «Անահիտ» մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհի Սօսի Փօլատեան, որ շնորհաւորեց վարժարանի տնօրէնուհին, ուսուցչական կազմը, աշակերտներն ու ծնողները, եւ նորանոր յաջողութիւններ մաղթեց բոլորին:
Օրուան ամենամեծ անակնկալն էր «Անահիտ» մասնաճիւղին կողմէ Ալֆրէտ Մարտոյեանի յանձնուած գնահատագիրը, վարժարանին բերած 25 տարիներու իր անխոնջ նուիրումին եւ զոհաբերած աշխատանքին համար:
Երեկոն հասած էր իր աւարտին: Ճոխ հիւրասիրութիւն մը կը սպասէր ներկաներուն, որոնք բարձր տրամադրութեամբ իրենց ստացած տպաւորութիւնները կը փոխանցէին իրարու:
Ապրի՛ք երեխաներ: Ձեր ծնողները, տնօրէնուհին, ուսուցչուհիները, բոլո՛րս հպարտ ենք ձեզմով: Կը հպարտանանք ձեզմով եւ կը հաւատանք, որ դուք էք մեր ապագան: Անոնք, որոնք առիթ չունին հայկական ամէնօրեայ վարժարան յաճախելու, շաբաթօրեայ վարժարանները առիթ կ՛ընծայեն իրենց հայկական միջավայրի մէջ մտնելու եւ իրենց կեանքը լուսաւորելու հայկականութեամբ:
(Թղթակցութիւնը՝ ՀՕՄի «Անահիտ» մասնաճիւղէն)