ՀՀ ՍՓՅՈՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹՅՈՒՆԸ 5 ՏԱՐԵԿԱՆ Է
Ազնուափայ´լ Տիկ. Հրանոյշ Յակոբեան,
Մօտիկէն հետեւելով Սփիւռքի նախարարութեան անցնող հինգ տարիներու արգասաբեր գործունէութեան, այսու կու գամ իմ շնորհաւորութիւններս յայտնելու Ձեզի եւ Ձեր ժրաջան աշխատակիցներուն՝ նախարարութեան հիմնադրութեան հինգերորդ տարեդարձի առթիւ: Դուք կարճ ժամանակի ընթացքին շատ ճամբայ կտրեցիք եւ դարձաք կարեւոր ներկայութիւն մը Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեանց մէջ: Արդարեւ, Ձեր ամենամեայ գիտաժողովները, խորհրդակցութիւնները, դէպի սփիւռք կատարած Ձեր ճամբորդութիւնները, հայութեան այս հատուածին հարցերն ու խնդրանքները համբերութեամբ լսելու եւ զանազան միջոցներով օգտակար հանդիսանալու փաստերը այդ կը վկայեն:
Բարի երթ կը մաղթենք Ձեր գործունէութեան եւ բազում այլ արդիւնաւէտ հնգամեակներ՝ ի փառս մեր ժողովուրդին:
Յարգանքներով՝
Դոկտ. Մինաս Գոճայեան
Բանասէր, ուսուցիչ, հասարակական գործիչ
ԱՄՆ