Հռոմի Պապը Դէպի Հայաստան Այցելութիւնը Անուանած Է «Ուխտագնացութիւն»
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/06/Հռոմի-պապ.jpg)
Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապը «Արեւելեան Եկեղեցիներու օգնութեան կազմակերպութիւններու վերամիաւորում» (ROACO) կազմակերպութեան լսարանին առջեւ ունեցած ելոյթին ժամանակ իրեն համար աղօթելու կոչ ըրած է ` դէպի Արեւելք կատարելիք ուխտագնացութեան ընդառաջ:
«Կը խնդրեմ ձեզի աղօթել ինծի համար, քանզի ես քանի մը օրէն ուխտագնացութեան պիտի մեկնիմ դէպի Արեւելք` Հայաստան` առաջին երկիրը, ուր ողջունեցին Քրիստոսի Աւետարանը», – իտալական ANSA գործակալութեան փոխանցմամբ` յայտարարած է Հռոմի պապը:
Յիշեցնենք, որ Հռոմի Սրբազան Քահանայապետ Ֆրանչիսկոս Պապի` Հայաստանի Հանրապետութիւն այցը կը մեկնարկէ ս.թ. Յունիս 24-ին եւ կը տեւէ 2 օր, կը գրէ panorama.am-ը: