Կը Քննարկուի Գերմանիոյ Կրթական Ծրագիրին Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Թեման Ներառելու Հարցը
Գերմանիոյ կրթական ծրագիրին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան թեման ներառելու հարցը քննարկման դրուած է։ Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, նշած է Գերմանիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի ղեկավար Անթօ Ազնաւուրեանը:
«Գերմանիոյ դպրոցական դասագիրքերուն մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը լիարժէք ներկայացուած չէ: Այժմ կը քննարկուի, որ գերմանական կրթական ծրագիրին մէջ այդ թեման ներառուի: Ատիկա պիտի նպաստէ, որ Գերմանիոյ մէջ ապրող տարբեր ազգերու ներկայացուցիչները, ներառեալ` թուրքերը, իմանան ճշմարտութիւնը, պատկերացում կազմեն, թէ իրականութեան մէջ ինչ տեղի ունեցած է»,- ըսած է Անդօ Ազնաւուրեանը:
Անոր խօսքով, Հայոց Ցեղասպանութեան թեման դպրոցական ծրագիրին մէջ ներառելու փորձ եղած է արդէն: Իրականացուած է փորձնական ծրագիր մէկ նահանգի մէջ` Պրանտենպուրկի:
«Մենք կը ցանկանք, որ այդ փորձը տարածուի ամբողջ Գերմանիոյ մէջ, բոլոր դպրոցներու գիրքերուն մէջ ներառուի Հայոց Ցեղասպանութեան թեման: Կը կարծեմ, որ Գերմանիոյ Պունտեսթակի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւին ընդունումը յաւելեալ հող կը նախապատրաստէ նման ծրագիրի համար»,- ընդգծած է Անդօ Ազնաւուրեանը: