ՌԱԿ-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը Ատենապետի Մակարդակով Պիտի Մասնակցի Հռոմի Պապի Հայաստան Այցելութեան Արարողութեանց

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան նորընտիր Կեդրոնական Վարչութիւնը, անցնող շաբաթավերջին իր հերթական երկրորդ ժողովը գումարեց՝ այս անգամ հեռակայ կապով:

Ժողովականները քննարկեցին կուսակցութիւնս, Հայ ժողովուրդը, Հայրենիքն ու Արցախը յուզող հարցեր ընկերային, տնտեսական եւ քաղաքական զարգացումներու լոյսին տակ:

Ժողովը բարձր գնահատեց Գերմանիոյ Պունտըսթակի Հայանպաստ վերջին կեցուածքը, որ դրսեւորուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան անոր ճանաչմամբ, որուն մասին օրին ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան Դիւանը շնորհակալագիր յղած էր անոր նախագահին:

Օրակարգերէ բխած հարցերու առնչուող որոշումներէն հանդիսացաւ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան որոշումը՝ Ատենապետի մակարդակով մասնակցելու Հռոմի Պապի դէպի առաջին Քրիստոնեայ երկիր՝ Հայաստան Ուխտագնացութեան արարողութեանց, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ 24 – 26 Յունիս 2016-ին:

ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ ընկեր Սերխիօ Նահապետեան իր Հայաստան կեցութեան ընթացքին, նախապէս ճշդուած ժամադրութիւններով հանդիպումներ պիտի ունենայ Հայրենի աւագանիին հետ: Ընկեր Նահապետեանին այցելութիւններուն պիտի ընկերակցին Հայրենիքի մէջ կայք հաստատած ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ ընկերներ:

Նշենք, որ ՌԱԿ նորընտիր Կեդրոնական Վարչութիւնը իր անդրանիկ ժողովը գումարած էր Հայրենիքի մէջ, իր ընտրութեան յաջորդող օրուան յետմիջօրէին՝ Երեւանի Թէքէեան Կեդրոնի մէջ:

Ռակ Կեդրոնական Մամլոյ Դիւան

Scroll Up