Տեղի Ունեցաւ Հեռաժողով Լիբանանի Հայ Համայնքի Ներկայացուցիչներուն Հետ

Յունիս 10-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ հեռաժողով Լիբանանի հայ համայնքի ազգային, հոգեւոր, մշակութային եւ երիտասարդական կառոյցներու ներկայացուցիչներուն հետ, որուն մասնակցեցաւ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան:

Պէյրութէն կապ հաստատեցին Լիբանանի Հանրապետութեան մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան, ՀՀ դեսպանութեան հիւպատոս Աշոտ Վարդանեան, ՀՀ սփիւռքի նախարարի խորհրդական Մարօ Ներսիսեան, դեսպանատան աշխատակիցներ, Լիբանանի հայ համայնքի ազգային, հոգեւոր, մշակութային եւ երիտասարդական կառոյցներու ներկայացուցիչներ:

Ողջունելով մասնակիցները` նախարար Հրանոյշ Յակոբեան  շնորհակալութիւն յայտնեց համայնքին բարձր կազմակերպուածութեան, համահայկական ծրագիրներուն եւ ազգաշահ ձեռնարկներուն աշխոյժ մասնակցելու համար:

Ան անդրադարձաւ Գերմանիոյ Պունտեսթակի կողմէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու բանաձեւը ընդունելու փաստին եւ նշեց. «Ճանաչելով իր մեղսակցութիւնը` Գերմանիան օրինակ ծառայեց Թուրքիային: Այս ճանաչումը նաեւ նախադէպ դարձաւ այլ ազգերի ցեղասպանութիւնների ճանաչման համար: Դեռ երկար ժամանակ կը պահանջուի` լիարժէք վերլուծելու ընդունուած փաստաթուղթը եւ, կարծում եմ` ճիշդ կը լինի, եթէ Լիբանանում նոյնպէս կազմակերպուի քննարկում այս թեմայով»:

Նախարարը խօսեցաւ Պունտեսթակի որոշման վերաբերեալ Թուրքիոյ իշխանութիւններու ոչ համարժէք արձագանքին մասին: «Ցաւօք, Թուրքիան շարունակում է ճնշումներ գործադրել ազգային փոքրամասնութիւնների հանդէպ, – նշեց նախարարը: Անդրադառնալով ապրիլեան պատերազմին` գերատեսչութեան ղեկավարը ընդգծեց, որ Արցախը գրաւելու Պաքուի ծրագիրները տապալեցան մեր բանակի արագ համախմբման եւ հզօր հակահարուած տալու շնորհիւ: «Մենք տեսանք Թուրքիայի անթաքոյց աջակցութիւնը ատրպէյճանական այս նոր ագրեսիային: Ցաւօք, մեր յաղթանակը շուրջ հարիւր մարդու կեանք արժեցաւ: Նրանցից ամէն մէկի կորուստն անդառնալի ցաւ է մեզ համար», ըսաւ ան:

Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Սփիւռքի բոլոր համայնքներուն` Արցախին աջակցելու համար: «Մեծ էր նաեւ Լիբանանի հայ համայնքի համախումբ օգնութիւնն Արցախին: Արցախն իր թիկունքում զգաց հզօր Սփիւռքի ներկայութիւնը», – նշեց ան:

Այնուհետեւ նախարարը խօսեցաւ Հայաստանի մէջ հաստատուած սուրիահայերու խնդիրներուն մասին եւ ընդգծեց, որ մեր հայրենակիցները իրենց հետ աշխատանքի նոր մշակոյթ բերին Հայաստան: «Սիրիահայերի կրթական, մշակութային եւ սոցիալական ինտէգրման խնդիրներն ամբողջութեամբ լուծուած են, միայն տնտեսական ինտէգրման հարցում ունենք որոշակի դժուարութիւններ», – ըսաւ ՀՀ սփիւռքի նախարարը:

Շնորհակալութիւն յայտնելով հեռակապի միջոցով անմիջական շփում հաստատելու հնարաւորութեան համար` դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան բարձր գնահատեց նման ձեւաչափով համայնքներուն հետ կապերը ամրապնդելու եւ առկայ խնդիրները լուծելու Սփիւռքի նախարարութեան աշխատաոճը: Ան նշեց. «Մենք անպայման ի նկատի կ’ունենանք Ձեր բոլոր դիտողութիւններն ու առաջարկները, յատկապէս նախարարութեան ծրագրերին առաւել ակտիւ մասնակցելու ուղղութեամբ»:

Այնուհետեւ հեռաժողովի մասնակիցները քննարկեցին  համայնքային խնդիրներուն, «Արի տուն» ծրագիրին, «Սփիւռք» ամառնային դպրոցին, «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնին եւ նախարարութեան միւս ծրագիրներուն Լիբանանի հայ համայնքի մասնակցութեան հետ կապուած  շարք մը հարցեր:

 10 12

Scroll Up