Քալիֆորնիոյ Հայ Երիտասարդաց Միութեան Ներկայացուցիչները Առաջնորդարան Կ՛այցելեն

Հինգշաբթի, Յունիս 2ին, առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան ընդունեց իրաքահայերու Քալիֆորնիոյ հայ երիտասարդաց միութեան վարչութեան անդամներու այցելութիւնը: Ներկայացուցիչները Ազգ. առաջնորդարան եկած էին առաջնորդ սրբազանը շնորհաւորելու՝ Ազգ. երեսփոխանական ժողովին կողմէ 6րդ քառամեակի համար վերընտրութեան առիթով, ինչպէս նաեւ՝ ներկայացնելու միութեան ծրագիրներն ու առաջադրանքները:
Ներկայացուցիչները այս առիթով նաեւ առաջնորդ սրբազանը հրաւիրեցին միութեան հիմնադրութեան 25րդ տարեդարձի հանդիսութեան, զոր նախատեսուած է կայացնել Օգոստոս 6ին:
Սրբազանը շնորհակալութիւն յայտնեց շնորհաւորանքին ու բարեմաղթանքներուն համար եւ գնահատեց նախկին իրաքահայերը համախմբող այս միութեան աշխատանքները, որոնք ծառայութիւն են մեր մշակոյթին ու կը միտին անոր հետ հաղորդ պահել նոր սերունդը:
Այս մասին կը յայատնէ Ասպարէզ: