Սոֆիայի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Տ. Իսահակ Վարդապետ Պօղոսեանի Մեծարման Երեկոն. լուսանկարներ

Օրերս, Պուլկարիոյ մայրաքաղաք Սոֆիայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի եւ համայնքի հոգեւոր հովիւ Տ. Գուսան քահանայ Հատաւեանի նախաձեռնութեամբ, մայրաքաղաքի «Ռուսական մշակութի տան» մէջ կազմակերպուած էր բանաստեղծական երեկոյ նուիրուած Թեմակալ առաջնորդ Տ. Իսահակ վարդապետ Պօղոսեանին: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն Պուլկարիոյ Հայոց թեմի մամլոյ դիւանէն:
Երեկոյի ընթացքին բացման խօսքով հանդէս եկաւ պրոֆ. Կարօ Մարտիրոսեան, որմէ յետոյ կարդացուեցան բանաստեղծ հայր Սուրբի շարք մը ստեղծագործութիւններ ինչպէս Արժանապատիւ Տէր Հօր, այնպէս ալ Տիկին Նարինէ Ոսկանեանի կողմէ:
Երեկոն ուղեկցուեցաւ նաեւ երաժտական ծրագիրով, որուն մասնակցութիւն բերին սրնգահար Վարդան Անանեան, դաշնակահար Սամուէլ Կարապետեան, նաեւ յայտնի երգահան Հայկաշոտ Աղասեան: Մեծարման երեկոն եզրափակուեցաւ Համակարգող խորհուրդի ատենապետուհի տիկին Վարդանուշ Զատիկեանի ողջոյնի եւ Իսահակ վարդապետ Պօղոսեանի գնահատանքի խօսքերով: