Պուլկարիոյ Հայկական Եկեղեցիներու Նորընտիր Ծխականները Փլովտիւի Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ Մէջ Իրենց Ուխտը Կատարեցին

Յունիս 5-ին Փլովտիւի Ս. Գէորգ հայկական եկեղեցւոյ մէջ հաւաքուած էին Պուլկարիոյ հայոց թեմի եկեղեցիններու նորընտիր ծխականները: Պուլկարիոյ տարբեր քաղաքներէ ներկայ ծխականները, Սուրբ խորանին առջեւ ծնկադիր եւ հանդիսաւորապէս ուխտեցին ստանձնելու իրենց պարտաւորութիւններն ու գործելու յօգուտ Հայ Առաքելական Սուրբ եկեղեցւոյ: Այնուհետեւ անոնք ստացան առաջնորդ Հայր Սուրբի օրհնութիւն-յորդորը նորընտիր ծխականներու առաքելութեան նշանակութեան հայապահպանութեան գործին: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն Պուլկարիոյ հայոց թեմէն:
Արարողութեան ներկայ էին նաեւ Թեմական խորհուրդի անդամները Տիար Անդրանիկ Շաքարեանի գլխաւորութեամբ: Պուլկարիոյ մէջ առաջին անգամ ըլլալով, բոլոր նորընտիր ծխականները միասին մասնակցեցան ուխտին եւ երդման արարողութեան: Ջերմ մթնոլորտը փոխանցուած էր նաեւ եկեղեցւոյ մէջ հաւաքուած հաւատացեալներու բազմութեան, որոնք մեծ յուզումով կը հետեւէին արարողութեան:
Յաւարտ Ս. Պատարագի եւ յիշատակ սոյն պատմական օրուան, Առաջնորդ հայր Սուրբը ծխականներուն նուիրեց խաչեր` մաղթելով պատուաբեր ծառայութիւն եւ միասնութեան ոգի: