Ալաշան. Ժամանակաւոր Կացարաններ` Թալիշցիներուն համար

ԼՂՀ Մարտակերտի շրջանի Ալաշան բնակավայրը խորհրդային տարիներուն, շնորհիւ իր աշխարհագրական դիրքին ու կլիմայական բարեխառն պայմաններուն` որպէս առողջարան ծառայած է, իսկ յետպատերազմեան տարիներուն` զինուորական հիւանդանոցի կարգավիճակ ստացած:
Ալաշան այսուհետ ժամանակաւոր բնակավայր պիտի ծառայէ ապրիլեան առաջին օրերուն Թալիշէն տարհանուած 27 ընտանիքի համար: Այժմ այստեղ վերականգնողական աշխատանքներ կը տարուին: Որպէս ժամանակաւոր կացարաններ կը վերանորոգուին տարածքին առկայ շէնքերը, շինութիւններն ու առանձնատուները` բոլոր ենթակառուցուածքներով: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ը կը տեղեկանայ ԼՂՀ քաղաքաշինութեան նախարարութենէն:
Ալաշան կը գտնուի Մարտակերտի շրջանի Դրմբոն եւ Մեհմանա գիւղերու հարեւանութեամբ, Արցախի մայր ջրամբարի` Սարսանգի յարակից գօտիին մէջ: Թալիշի համեմատութեամբ, այստեղ անվտանգ է, սահմանէն բաւականաչափ հեռու:
Տարածքը հարթավայրային է: Գիւղատնտեսութեան, ներառեալ հողագործութեան, անասնապահութեան եւ մեղուաբուծութեան համար այստեղ կան բոլոր նախապայմանները: Ալաշան նաեւ ջրային հարուստ պաշարներ ունի: Շինարարութիւնը կ’իրականացուի Պետական պիւտճէի միջոցներու հաշուին: Շինարարութեան ընթացքին պիտի օգտագործուին նաեւ բարեգործական հիմունքներով ՀՀ-էն եւ ՌԴ հայկական համայնքներէն Արցախ հասցուած շինանիւթերը: