Քիմ Քարտաշեան Դարձած է «Լոս Անճելըսի Մանկական Հիւանդանոցի Պատուաւոր Հայ Դեսպան»

Քիմ Քարտաշեան վերջերս արժանացած է յատուկ շնորհակալութեան՝ Լոս Անճելըսի մանկական հիւանդանոցին օգնելուն համար:
Հիւանդանոցի նախագահ Փոլ Վիվիանոն՝ «Լոս Անճելըսի մանկական հիւանդանոցի պատուաւոր դեսպաններ»ուն հետ հանդիպման ժամանակ՝ Քիմ Քարտաշեանին նուիրած է յուշատախտակ մը: Քիմը նաեւ ճանչցուած է «Լոս Անճելըսի մանկական հիւանդանոցի պատուաւոր հայ դեսպան»: Այս մասին կը հաղորդէ Artsakhpress.am-ը։
Յատուկ հիւրերէն եղած են նաեւ արքեպիսկոպոս Յովնան Տէրտէրեան: Քիմը նշած է, որ ուրախ է, որ իր աշխատանքը գնահատուած է հայ համայնքին ու հիւանդանոցին կողմէ։ 35-ամեայ հայուհին արդէն 8 տարի է կ՝այցելէ հիւանդանոց եւ օգնութիւն կը ցուցաբերէ:
«Լոս Անճելըսի մանկական հիւանդանոցի հայ դեսպաններու խումբը» հայերու խումբ է, որոնք կ՝աջակցին հիւանդանոցին` ստեղծելով առողջ ապագայ երեխաներուն համար: