Արա Արսլանեան Տիտղոսակիր Գերմանիոյ Մէջ

Նախորդ շաբաթավերջին լիբանանահայ երիտասարդ Արա Արսլանեան իր մասնակցութիւնը բերաւ Գերմանիոյ մէջ տեղի ունեցած «GNBF» Եւրոպայի «բնական» մարմնամարզութեան ախոյեանութեան միջազգային մրցաշարքին:

Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարանէն Արա Արսլանեան «GNBF»  երիտասարդներու «տարեկան» իր մղած պայքարին մէջ ապահովեց 75 քկ կշիռքի լաւագոյններու դիրքը եւ տիրացաւ Գերմանիոյ «GNBF» Եւրոպայի «բնական» մարմնամարզութեան ոսկի մետալին:

Այս մասին կը յայտնէ Ազդակ:

Scroll Up