Հ.Մ.Ը.Մ.ի Յունաստանի կազմակերպութիւնը գումարեց իր 70րդ Շրջանային Ժողովը

Շաբաթ՝ 4 Յունիսի յետմիջօրէին եւ Կիրակի՝ 5 Յունիսի ամբողջ օրը, Գոքինիոյ «Զաւարեան Կեդրոն»ին մէջ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Յունաստանի կազմակերպութիւնը գումարեց իր 70րդ Շրջանային Ժողովը։
Իրենց պաշտօնավարութեան շրջանը աւարտած Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային Վարչութեան եւ Շրջանային Սկաուտ Խորհուրդի անդամներուն կողքին, ժողովին կը մասնակցէին Հ.Մ.Ը.Մ.ի Աթէնքի, Գոքինիոյ եւ Թեսաղոնիկէի (որուն մասնակցութիւնը նորութիւն էր եւ արժանացաւ ժողովի գնահատանքին) երեք մասնաճիւղներն ու սկաուտական խորհուրդները ներկայացնող Հ.Մ.Ը.Մ.ական քոյրեր եւ եղբայրներ։ Ժողովին ներկայ գտնուեցաւ եւ իր ելոյթներով ժողովի աշխատանքներուն իր մասնակցութիւնը բերաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբայր Գառնիկ Մկրտիչեան։
Գլխաւորապէս Յունաստանի Հ.Մ.Ը.Մ.ի ներքին կազմակերպական վերաշխուժացման եւ, այդ ճամբով, յունահայ նորահաս սերունդին հայեցի կազմաւորման ու դաստիարակութեան օգնելու օրակարգով ընթացաւ ժողովը։ Քննարկուեցաւ նախորդ նստաշրջանի գործունէութեան ընդհանուր գործելադաշտը, որու համար հաստատուեցաւ թէ գնահատելի էր։
Այլ հարցերու կողքին քննարկուեցաւ մարզական խումբերու միացման հարց, տնտեսական հաւասարակշռուած պատկեր յաջողցնելու հեռանկարով, ինչպէս եւ սկաուտական խումբի պաշտօնական գրանցումը Յունաստանի Սկաուտական Ազգային համակարգին (ՍԵՓ), պահպանելով մեր ինքնութիւնը եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի նպատակներն ու արժէքները։
Ժողովը իր աշխատանքներու աւարտին ընտրեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Յունաստանի
Շրջանային Վարչութիւն՝ հետեւեալ կազմով.
– Քոյր Գոհար Ալեանաքեան-Տանկուրեան
– Եղբայր Խաչիկ Մինասեան
– Եղբայր Սերգօ Աղապատեան
– Եղբայր Կարպիս Ճանիկեան
– Եղբայր Ազարիկ Եորղանճեան