Ս. Քառասնից Մանկանց Վարժարան. Աշակերտները ՔԱՀԼ Կ՛այցելեն

Ազգային Սրբոց Քառասնից Մանկանց վարժարանը իր տարեկան ծրագիրին մէջ, աշակերտներուն գիտելիքներ ջամբելու զուգահեռ, նաեւ շեշտը կը դնէ հայեցի եւ ընտանեկան արժէքներու կերտման եւ պահպանման աշխատանքին վրայ:

Այս ծիրէն ներս, 6-րդ դասարանի աշակերտները տարուան ընթացքին դպրոցական տարբեր ձեռնարկներ կազմակերպելով ապահովեցին նիւթական կոկիկ գումար մը եւ մայրերու տօնին առիթով, չորեքշաբթի, 18 մայիս 2016-ին, այցելեցին Պուրճ Համուտի ՔԱՀԼ-ի  Հայ տարեցներու տունը:

Աշակերտները իրենց երգերով, մաղթանքներով, արտասանութիւններով եւ պարերով խանդավառ մթնոլորտ ստեղծեցին սրահին մէջ, ուր հաւաքուած էին խումբ մը տարեց մամիկներ: Նաեւ այցելեցին սենեակները եւ ուրախացուցին բոլոր անոնց, որոնք չէին կրցած սրահ ներկայ գտնուիլ:

Ապա տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն, որմէ ետք իւրաքանչիւր մամիկ ստացաւ վարդ մը եւ փոքրիկ նուէր մը:

Աշակերտները վերադարձան դպրոց բարձր տրամադրութեամբ եւ հոգեկան մեծ գոհունակութեամբ, որովհետեւ ոչ թէ միայն ուրախացուցին ՔԱՀԼ-ի պատսպարեալները, այլ նաեւ իրենց ճակտի քրտինքով վաստկած լուման էր, որ տրամադրեցին այս ձեռնարկի յաջողութեան:

Այս մասին կը յայտնէ Ազդակ:

Scroll Up