Մարզիչ Սթիւ Քըր Կը Պատմէ Ցեղասպանութենէն Վերապրողներու Օժանդակած Իր Նախնիներուն Մասին

Իբրեւ Միացեալ Նահանգներու արհեստավարժ պասքեթպոլի մարզիկ՝ 5 ախոյեանութեանց տիրացած, իսկ իբրեւ Օքլընտի «Ուորիըրզ» խումբի մարզիչ՝ վերջին 40 տարիներուն ընթացքին խումբին առաջին տիտղոսը ապահոված Սթիւ Քըր, Ժանօ Պօղոսեանին հետ «uproxx.com» կայքին համար կատարուած հարցազրոյցի մը ընթացքին, մանրամասնութիւններ պատմած է իր մեծ հօր եւ մեծ մօր կողմէ՝ Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրած հայերու ցուցաբերուած օժանդակութիւններուն մասին, որոնք կատարուած էին Մերձաւոր Արեւելքի նպաստամատոյց կազմակերպութեան միջոցաւ։
Սթիւի մեծ մայրը եւ մեծ հայրը՝ Էլսա եւ Սթենլի Քըրերը, իրենց մարդասիրական գործունէութիւնը նախ կատարած են Մարաշի մէջ, իսկ ֆրանսացիներու նահանջէն ետք, անոնք Լիբանանի մէջ շարունակած են այդ աշխատանքը։
Ապա, Սթենլի Քըր սկսած է դասաւանդելու Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանին մէջ եւ հրատարակած է իր յուշերուն նուիրուած «Մարաշի Առիւծները» հատորը։
Մալքըմ Քըր՝ այս տարեշրջանի լաւագոյն մարզիչը ընտրուած Սթիւ Քըրի հայրը, Սթիւի նման Լիբանան ծնած է։ Ան 1980ականներուն դարձած է Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի տնօրէնը ու քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն, 1984ին, սպաննուած է անծանօթ զինեալներու կողմէ։
Սթիւ Քըրի մայրը եւս կապեր ունեցած է հայութեան հետ՝ դասաւանդելով Լիբանանի Հայ Կաթողիկէ Անարատ Յղութեան վարժարանին մէջ։
Սթիւ կը պատմէ, թէ իր պատանութեան տարիներուն մեծ թիւով հայեր կ՛այցելէին իրենց տունը, եւ այդ իսկ պատճառով, ինքզինք կը համարէ «պատուոյ հայ» մը։ Ան ցաւ կը յայտնէ, որ մինչ գրեթէ ամէն մարդ տեղեկութիւն ունի Հրէական Ողջակիզման մասին, շատ քիչեր են, որոնք Հայոց Ցեղասպանութեան իրականութեան ծանօթ են։
Քըր ընտանիքի առնչութիւնը՝ հայութեան, տակաւին կը շարունակուի։ Արդարեւ, անցեալ տարի, Քըրի հօրեղբայրը՝ դոկտ. Տակլըս Քըր, Քլիվլընտի մէջ դասախօսութիւն մը տուած էր՝ հիմնուելով իր հօր յուշերուն վրայ, իսկ Քըր ընտանիքի կարգ մը անդամներ ստանձնած էին Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առիթով Էլսայի եւ Սթենլիի յատկացուած յետ մահու մրցանակը՝ մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցած արարողութեան մը ընթացքին։
Այս մասին կը յայտնէ Ասպարէզ:
Սթենլի Քըր (ոտքի, ձախին) Մարաշի մէջ, Մերձաւոր Արեւելքի նպաստամատոյցի այլ անդամներու հետ